image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է «բարեկամական թոնայնութեան» եւ աջակցութեան համար

Փաշինեան Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է «բարեկամական թոնայնութեան» եւ աջակցութեան համար

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը զանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Այս մասին յայտնած են կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Ռուսիոյ նախագահը վարչապետը շնորհաւորած է ծննդեան օրուան առիթով եւ բարեմաղթանքներ յղած։  

«Յարգելի Նիկոլ Վովաեւիչ, խնդրեմ ընդունեցէք իմ անկեղծ շնորհաւորանքները ծննդեան օրուան կապակցութեամբ: Մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները աւանդաբար բարեկամական են: Եւ մենք շահագրգռուած ենք ատոնց շարունակական, առաջադիմական զարգացմամբ», -ըսուած է Ռուսիոյ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Ռուսիոյ առաջնորդը Փաշինեանին մաղթած է առողջութիւն, բարգաւաճում եւ յաջողութիւններ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգի ընթացիկ հարցերու շուրջ։

Վարչապետը Ռուսիոյ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է տարընթերցումներու առիթ տուող շարք մը հարցերու վերաբերեալ հաւասարակշռուած դիրքորոշումներու, բարեկամական «թոնայնութեան», ինչպէս նաեւ աջակցութեան համար։

Զրուցակիցները պայմանաւորուած են քննարկումները շարունակել առաջիկայ յարմար առիթով՝ հանդիպման ձեւաչափով։

Քրեմլի տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Փաշինեանն ու Փութինը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Աստանայի մէջ մայիս 29-ին կայացած Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստի արդիւնքները։