Հանդիպումի ընթացքին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ներկայացուց Սուրիոյ ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամի իրականութիւնը՝ ընդգծելով համայնքի տարած գործունէութիւնն ու հաւատարիմ առաքելութիւնը տիրող ժամանակներուն մէջ։
Սուրիոյ Հայ Աւետ. «Բեթել» եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Ուրբաթ, 22 Մայիս 2027-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան առցանց մասնակցութիւն բերաւ Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ (EKD)խորհրդակցական հանդիպումին։
Հանդիպումի ընթացքին ան ներկայացուց Սուրիոյ ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամի իրականութիւնը՝ ընդգծելով համայնքի տարած գործունէութիւնն ու հաւատարիմ առաքելութիւնը տիրող ժամանակներուն մէջ։
Վերապատուելին ընդգծեց մեր վճռականութիւնը՝ ոչ միայն կանգուն մնալու, այլ նաեւ գործուն մասնակցութիւն բերելու՝ մարդասիրական, կրթական եւ եկեղեցական ծիրերէն ներս։