Իմքայլական պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանն ալ ընդգծած է՝ քաղաքական բանավէճի դաշտին մէջ պէտք է ըլլան յայտարարութիւնները, ապա յիշեցուց՝ Փաշինեանը քաղաքական ուժերուն ուղիղ եթերով բանավէճի առաջարկ ըրած է որ մինչ այս պահը մերժուած է։
Հայկ Կոնճորեանն ալ աւելցուցած է․ «Բանավէճի ժամանակ իւրաքանչիւրն իր խիզախութիւնը, տղամարդկութիւնը, խելացիութիւնը, հայերէնին տիրապետելու կամ չտիրապետելու իր հմտութիւննները պէտք է ուղիղ եթերով ի ցոյց դնի ժողովրդին։ Ժողովուրդը, որ պէտք է ընտրի, իրաւունք ունի տեսնել, թէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի առաջնորդ ուղիղ եթերով ինչպէս է դրսեւորում իրեն։ Եթէ վախենալու, սարսափելու բան չունեն ուղիղ եթերով անպատրաստից հարցերին պատասխանելու, ապա բոլորը պէտք է ընդունեն բանավէճի հրաւէրը»։
Յիշեցնենք՝ Նիկոլ Փաշինեանը բանավէճի առաջարկ ըրած էր ՀՀ առաջին եւ երկրորդ նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին։