Անցած գիշեր Արցախեան սահմանին հակառակորդը՝ տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 65 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 1700 կրակոց։
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ատրպէյճանական զինուժը Մարտակերտի պաշտպանական ուղղութեամբ կիրառած է նաեւ ականանետեր (4 արկ) եւ հրանօթներ (8 արկ):
Բացի հրադադարի խախտման դէպքերէն՝ 10 մայիսին, ժամը 13:30-ի շուրջ, Թափկարակոյունլու-Թալիշ ուղղութեամբ կատարած է զրահամեքենաներու (շուրջ 10 հրասայլ) տեղաշարժ: Ժամը 14:55-ին, դիտարկուած հրասայլերը վերադարձած են իրենց ելման շրջանները:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը՝ ատրպէյճանական զինուժի աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ սահմանագծի ողջ երկայնքով իրականացուցած են աչալուրջ մարտական հերթապահութիւն:
Այս պահուն իրավիճակը առաջնագծի վրայ հանգիստ է: