Անցած գիշեր Արցախեան սահմանին հակառակորդը՝ տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է մօտ 55 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1200 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը սահմանագիծի տարբեր հատուածներու վրայ, կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ) եւ հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (9 արկ):
Յիշեցնենք, որ երէկ երեկոյեան, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ՝ հակառակորդը կիրառած է «սպայկ» տիպի կառավարուող հրթիռ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ մասնակի վնասուած է մէկ զրահամեքենայ: Ատրպէյճանական զինուժի սադրանքին իբրեւ արդիւնք՝ պաշտպանութեան բանակը մարդկային կորուստ չէ ունեցած:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը՝ ատրպէյճանական զինուժի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: