Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 80 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 750 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը սահմանի հիւսիսային ուղղութեամբ կիրառած է նաեւ ականանետ (4 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: