image

«Դրամատուները փակ պահելը ճիշդ ձեւ է. Այլապէս քաոս կրնայ ըլլալ» Լիբանանցի ելեւմտագէտ

«Դրամատուները  փակ պահելը   ճիշդ  ձեւ է. Այլապէս  քաոս  կրնայ   ըլլալ» Լիբանանցի ելեւմտագէտ

Լիբանանցի   ելեւմտագէտ Ուալիտ  Ապու Սըլայման, որ այսօր  խօսած է «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքին, յայտնած է, որ   Լիբանանի  տարածքին  գործող  բոլոր դրամատուները  փակ  պահելու որոշումը ճիշդ  քայլ մըն է։ 

Ապու Սըլայման, նաեւ ըսած է, թէ   դրամատնային  ոլորտին՝    երկրին մէջ   տեղի ունեցող զարգացումներուն հետեւանքով փակ   պահելը ունի  իր վատ    հետեւանքները, սակայն ամէն պարագայի  դրամատուներու փակ մնալը  լաւագոյն   ձեւն է տագնապը   ներծծելու եւ  քաղաքական  համաձայնութեան պարագային  դարձեալ   ոտքի կանգնելու։ 

Լիբանանցի  տնտեսագէտը նաեւ զգուշացուցած է, թէ եթէ  դրամատուները յանկարծ    այս օրերուն     եւ առանց քաղաքական  լուրջ համաձայնութիւններու      վերաբանան իրենց դռները, ապա երկրին մէջ     ելեւմտական  ոլորտը  տագնապահար    վիճակ մը  պիտի ունենայ եւ երկիրը պիտի կանգի    նոր քաոսի  մը առջեւ։

Ի  դէպ,  քիչ չեն այն վերլուծաբանները, որոնց   կարծիքով,  եթէ    տագնապը շարունակուի եւ    դրամատուները   դարձեալ գործի  անցնին,  ապա    ամերիկեան տոլարը կրնայ      մինչեւ    1800 ոսկիի  բարձրանալ։