Այս առաւօտ կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան Պէյրութի մասնաւորապէս քրիստոնէական շրջաններուն մէջ։ Լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներ տարածուեցան գլխաւորապէս Մեթնի ծովեզերեայ մայրուղիներուն մօտ եւ փորձեցին վերաբանալ երեք կարեւոր ճանապարհներ։
Այսպէս Զուք, Ժալ Ալ Տիպ եւ Նահր Ալ Քալպ շրջաններուն մէջ մեծ լարում առաջացաւ, երբ բանակի զինուորներ «փափուկ ձեռք»ով փորձեցին վերաբանալ առնուազն չորս-հինգ օրէ ի վեր փակ մնացած ճանապարհները։
Տեղի ունեցաւ հրմշտուք եւ մասնաւորապէս Նահր Ալ Քալպ շրջանին մէջ բանակը յաջողեցաւ վերաբանալ փակուած ճանապարհը, մինչ միւս երկու շրջաններուն մէջ ցուցարարները ցոյց տուին երեւելի դիմադրութիւն, որուն իբր հետեւանք բանակը հրաժարեցաւ գործադրել իր առջեւ դրուած առաջադրանքը։
Յստակ է նաեւ, որ մեծաւ մասամբ քրիստոնէաբնակ այս շրջաններուն մէջ կան նաեւ քաղաքական բաւական նուրբ հաւասակշռութիւններ եւ տպաւորութիւն կար, որ երկրի նախագահը հասած էր այն եզրակացութեան, որ պէտք է դիմել կոշտ մօտեցումի վերաբանալու համար այդ ճանապարհները, որմէ ետք ընթացք պիտի առնէր կեդրոնական հրապարակները ցուցարարներէ դատարկելու բաւական դժուարին եւ նոյնիսկ վտանգաւոր ընտրանքը։
Սպասելի էր նաեւ, որ ինչպէս այսօր յայտարարուած էր, որ Լիբանանի նախագահը հանդէս գար պատկերասփռուած ելոյթով, որուն հիմնական ըսելիքը պիտի ըլլար «կառչինք անվտանգութեան պահպանման եւ վստահինք Հարիրիի կառավարութեան բարեփոխումներու նոր ծրագրին». Սակայն այս բոլորը տապալեցան, տրուած ըլլալով, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն ցուցարարները դիմադրեցին եւ տեղի չտուին։
Անշուշտ ներկայ փուլին իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ եւ նոյնիսկ վտանգաւոր։
Խնդիրն այն է, որ ցուցարարները վճռած են մինչեւ վերջ պայքարիլ եւ աւարտին տանիլ իրենց պահանջները։
Հիմա ընթացող «խաղ»ը «ջիղերու պատերազմ» է, որովհետեւ կողմերէն իւրաքանչիրը կը սպասէ, որ դիմացինը զիջումի առաջին քայլ մը կատարէ եւ այդպիսով կարելի ըլլայ յաջորդական քայլերու ձեռնարկելու։
Կառավարութեան դէմ առկայ անվստահութիւնը եւ տարբեր ձեւաչափերով արտայայտուող ատելութիւնը ամէն պահու կրնայ աւելի թէժանալ եւ անդին երկրին մէջ օրըստօրէ ծանրացող վիճակը եւ «սպասուած» տնտեսական ընդհանուր փոլուզումը կառավարութիւնը պիտի դնեն աւելի բարդ դրութեան մը մէջ։
Լիբանանցի միջին խաւի ցուցարարերը եկած է այն եզրակացութեան, որ ինք այլեւս կորսցնելիք բան մը չունի ու ատոր համար է նաեւ, որ պատրաստ է ամէն տեսակի ընտրանքի, զրկումի, տանջանքի.. միայն թէ հրապարակներէն տուն չդառնայ ու ամենակարեւորը անցնող եօթ օրերու ընթացքին ամէն տեսակի «կարմիր գիծ»եր կտրող համաժողովրդային ցոյցերը անարդիւնք ցոյցեր չդառնան...։
Յառաջիկայ ժամերն անշուշտ աւելի յստակ պիտի դարձնեն ընդհանուր տեսարանը ու նաեւ յստակ պիտի ըլլայ, թէ իրական նախաձեռնութիւն մը կատարելու գլխաւոր բանալին որու ձեռքն է։