Այսօր Լիբանան կը թեւակոխէ բողոքի լայնածաւալ ցոյցերու 10-րդ օրը։
Հազարաւոր ցուցարարներ, որ երէկ մինչեւ գիշերուն ուշ ժամերը մնացին հրապարակներուն վրայ, այսօր եւս պիտի շարունակեն իրենց բողոքի գործողութիւնները։
Ինչպէս նախատեսուած էր` բողոքի մասնակցող ցուցարարները պատրաստ չէին «Հըզպալլա»ի առաջնորդի խօսքէն ետք քաշուիլ փողոցներէն ու վճռեցին երթալ մինչեւ վերջ` պահանջելով Սաատ Հարիրիի ու անոր կառավարութեան արագ հրաժարականը։
Կարգ մը լրատուական գործակալութիւններ այսօր իրավիճակը վերլուծել փորձելով նկատել տուին, որ երէկ ստեղծուած պատկերը բաւական մտահոգիչ էր այն իմաստով, որ տարբեր շրջաններու մէջ գրանցուած են բախումներ՝ մէկ կողմէ ցուցարարներու, իսկ միւս կողմէ նախագահ Աունի հետեւորդներուն, կամ «Հըզպալլա»ի համակիրներուն միջեւ։
Կան տեղեկութիւններ, որ բանակը եւ ՆԳՆ-ի միաւորներ այսօր պիտի փորձեն ամէն կերպ վերաբանալ Պէյրութի ու մեծ քաղաքներու գլխաւոր ճանապարհները։
Յիշեցնենք, որ Պէյրութի մէջ սկիզբ առած եւ WhatsApp-ի գործածութեան համար նախատեսուած նոր հարկերու մասին եղած խօսքերէն ետք լիբանանցիք մեծ թիւերով ողողեցին հրապարակները եւ մէջտեղ դրին նոր պահանջ մը, որն էր՝ կառավարութեան եւ ամբողջ քաղաքական վերնախաւին իշխանութենէն հեռացումը։