«Արեւելք»ի հարցերուն լիբանանահայ հայրենադարձած ուսանող Նարօտ Նորամանեանը
-Ի՞նչ պատճառներով, որոշեցիք Հայաստանի մէջ շարունակել ձեր ուսումը:
Տրուած ըլլալով, որ մեծցած եւ դաստիարակուած եմ հայրենասէր միջավայրի մէջ, ըլլայ ընտանիքս կամ յաճախած դպրոցս՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ինչպէս նաեւ միութենական կեանքս, միշտ ալ գերագոյն նպատակս եղած է անձնական ներդրումս ունենալ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ, ու այդ առումով առաջին քայլը ուսումս Հայաստանի մէջ շարունակելն էր։ Երբ դպրոցս աւարտեցի, շատ պատեհ առիթ ստեղծուեցաւ, որ համալսարանական ուսումս Հայաստան շարունակեմ, եւ այդ իսկ պատճառով որոշեցի գալ եւ ապրիլ հոս, Հայաստանի մէջ:
-Դուք ընտրած էք միջազգային յարաբերութիւններ՝ բաւական բարդ ճիւղը, ի՞նչ էր պատճառը այդ ընտրութեան, արդեօք հետաքրքրութիւններ ունէի՞ք, արդեօք տունէ՞ն կու գայ այդ հետաքրքրութիւնը կամ շրջապատէն։
Դպրոցի երկրորդական տարիներուս, յատուկ հետաքրքրութիւն սկսայ ցուցաբերել քաղաքականութեան, քաղաքական մշակոյթի հոգեբանութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային տարբեր հիմնախնդիրներու լուծման ու հետապնդման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու մասին, եւ ուզեցի խորանալ այս ոլորտին մէջ: Ճիշդ է որ նպատակս քաղաքական գործիչ մը ըլլալը չէ, բայց միշտ ուզած եմ, նոյնիսկ ինքզինքս ապագային պատկերացուցած, որ կը զբաղիմ հայկական դատով եւ կը գործեմ այդ ոլորտին մէջ։
-Համալսարանի մէջ ինչպէ՞ս կը զգաք դուք ձեզ, ինչպէ՞ս է դասախօսներուն եւ դասընկերներուն վերաբերունքը: Առհասարակ ինչպէ՞ս կը յարաբերին ձեր հետ, որեւէ օտարանքի կամ միջավայրի տարբերութեան զգացում ունեցա՞ք Երեւանի մէջ:
Երբ սկսայ յաճախել Երեւանի Պետական Համալսարանը, սկիզբի շրջանին մանաւանդ առաջին կիսամեակին շատ դժուարութիւններու հանդիպեցայ, ըլլայ լեզուի կամ նոր միջավայրի ընտելանալու առումով: Իմ եւ դասախօսներուս եւ դասընկերներուս միջեւ կային անհասկացողութիւններ, անորոշ զգացումներ. զիրար լաւ չէինք ճանչնար եւ այդ վիճակը երկկողմանի էր: Սակայն երկրորդ կիսամեակէն յետոյ, արդէն սկսայ աւելի ընտելանալ, զիրենք աւելի ճանչնալ , հասկնալ իրենց մտածելակերպը, բնաւորութիւնը, եւ այլն։Մինչեւ հիմա ընդհանրապէս որեւէ խնդիր չեմ ունեցած ոչ դասախօսներուն ոչ ալ ուսանողներուն հետ:
-Խօսինք ձեր սերունդի մասին. այսօր հայ երիտասարդութիւնը՝ ձեր սերնդակիցները ի՞նչ գաղափարի շուրջ պէտք է համախմբուին, ըլլայ այդ Հայաստան կամ Սփիւռք. Ձեր կարծիքով ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր այսօրուան երիտասարդութեան նպատակակէտը, ուղղութիւնը եւ հիմնական թիրախը։
Ինչպէս նախորդ պատասխանիս մէջ նշեցի՝ մեր միջեւ անորոշութեան եւ անհասկացողութեան զգացումներ կային: Կը կարծեմ որ սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերու միջեւ ակնյայտ է միասնականութեան եւ հանդուրժողականութեան պակաս։ Պէտք է հասկնանք, որ մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածները անցած են տարբեր եւ դժուար ճանապարհներէ, ինչ որ պատճառ դարձած է տարբեր մտածելակերպի ու ապրելակերպի կազմաւորման: Դժբախտաբար, երկու միջավայրերուն մէջ ալ, չէ տրուած այս բացատրութիւնը: Մենք չենք հասկցած որ Հայաստանի մէջ ապրող հայը տարբեր է մեզմէ, ինչպէս եւ իրենք չեն հասկցած որ սփիւռքի մէջ ապրող հայը տարբեր է իրենցմէ, կը կարծեմ որ այս այսօր մէկը հայ ժողովուրդի գլխաւոր թերութիւնն է։
-Ենթադրենք որ մեծ է թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք Հայաստան կ'ուզեն փոխադրուիլ: Արդեօք Միջին Արեւելքի հայութեան այլընտրանքը Հայաստա՞նն է. կա՞յ այդ ներուժը Հայաստանի մէջ։
Այն տարին երբ ես եկած էի Հայաստան, հայրենադարձ երիտասարդներուն թիւը, շատ աւելի քիչ էր քան հիմա: Ներկայիս ոչ միայն ուսումի պատճառով , այլ նաեւ աշխատանքի կամ կամաւոր գործունէութեան համար, երիտասարդներ կ'ուզեն Հայաստան տեղափոխուիլ, ինչ որ շատ ոգեւորիչ երեւոյթ է: Որոշ երիտասարդներ, յառաջիկայ 5-10 տարուայ ընթացքին, իրենք իրենց արդէն Հայաստան տեղափոխուած կը տեսնեն, եւ Հայաստանի բարգաւաճման մաս պիտի կազմեն:
- Հայաստանի մէջ մէջ դրական վերաբերմունք մը կայ Իսրայէլի հանդէպ: Ըլլալով Միջին Արեւելքէն մենք այդ մէկը խորթ աչքով կ'ընդունինք. Պատճառները յստակ են, մենք ապրած ենք Իսրայէլի բռնադատումները Լիբանանի հանդէպ, քաջ գիտենք պաղեստինցիներու անարդարուած ըլլալը եւ լաւ սերտած ենք արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան տարբեր փուլերը։ Ի՞նչ կարծիք ունիք այս առումով։
Վերջերս այս հարցին մասին շատ կը մտածեմ, որովհետեւ այս թեման իրապէս շատ արդիական է, նոյնիսկ զգայուն: Համամիտ եմ, որ Հայաստանը համերաշխ յարաբերութիւններ մշակէ ու վարէ որեւէ պետութեան հետ, բայց անշուշտ ինքզինք չարժեզրկելու պայմանով: Այս առումով պէտք է անդրադառնալ քանի մը փաստերու,- առաջինը՝ ակնյայտ է որ Իսրայէլը այն պետութիւններէն է, որ տակաւին չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը. երկրորդը՝ Իսրայէլը 70 ական թուականներուն Լիբանանի մէջ մեծ թիւով լիբանանահայերու մահուան պատճառ հանդիսացած է. չմոռնանք նաեւ այն փաստը, որ Միջին Արեւելքի մէջ տակաւին շատ մեծ թիւով գաղութներ գոյութիւն ունին, եւ այս լաւ յարաբերութիւնները կրնան այնքան ալ բարենպաստ անդրադարձ չունենալ անոնց վրայ, նկատի առնելով Միջին Արեւելեան երկիրներու բացասական վերաբերմունքը Իսրայէլի հանդէպ: Նախ պէտք է լաւ ձեւակերպուին այս բոլոր գործօնները ամէն տեսանկիւններէ, ապա ձեռնարկուին Հայաստանի ապագայ քայլերը այս հարցի առնչութեամբ: