image

«Այսօր մենք ենք, որ պայմանները կը թելադրենք թշնամիին» Իրանցի զօրահրամանատարին հատու խօսքը

«Այսօր մենք ենք, որ պայմանները կը թելադրենք թշնամիին» Իրանցի զօրահրամանատարին հատու խօսքը

 

Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի» հրամանատար, զօրավար-մայոր Հուսէյն Սալամին յայտարարած է, որ Իրանը բազմաթիւ ժամանակակից զէնքեր ունի՝ յիշեցնելով թշնամիներուն, որ Իսլամական Հանրապետութիւնն է, որ պայմաններ կը թելադրէ:


Ինչպէս կը հաղորդէ «Թանսիմ» գործակալութիւնը, Սալամիի խօսքով՝ Իրանը թշնամիներու դէմ այլեւս մերկ ձեռքերով չի պայքարիր, քանի որ բազմաթիւ ժամանակակից զէնքեր ունի:

«Այսօր մենք ենք, որ պայմաններ կը թելադրենք թշնամիներուն: Ի հարկէ, երբ մենք սահմանափակուինք անոնց թելադրած պայմաններով, տանուլ կու տանք: Բայց երբ մենք պայմաններ թելադրենք թշնամիին, մենք կը յաղթենք»,- աւելցուցած է զօրավար-մայորը:  

Իրանցի հրամանատարն ընդգծած է նաեւ թշնամիի տապալումը Իրանի դէմ առճակատման հարցով՝ աւելցնելով. «ԱՄՆ-ն հազարաւոր զօրքեր ունի Իրաքի մէջ, սակայն ստիպուած է հեռանալ երկրէն»:

Իրանցի պաշտօնեաները բացմիցս յայտարարած են, իրենց երկիրը չի տատանիր ռազմական հնարաւորութիւններն ու ներուժը զարգացնելու գործին մէջ, այդ շարքին՝ հրթիռային հզօրութիւնը, որ նախատեսուած է պաշտպանութեան համար: