Սէուտական «Ալ Շարք Ալ Աուսաթ». Հայկական կողմէն մեղադրանքներ Իսրայէլին, Ատրպէյճանին զէնք ծախելու պատճառով
Իսրայէլը, որ Ատրպէյճանին զէնքի հիմնական մատակարարն է, քննադատութեան ենթարկուած է Հայաստանի կողմէ, մեկնելով Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին շուրջ երկու երկիրներու ունեցած հակամարտութենէն: Իսրայէլի լուռ քաղաքականութիւնը երկու կողմերու արիւնալի հակամարտութեան մասին այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ վերջինս պատրաստ չէ հրաժարիլ Պաքուի հետ իր լայնածաւալ առետրական յարաբերութիւններէն:
17 Սեպտեմբերին, Իրանին մօտիկ համարուող Հայաստանը Թէլ Ապիպի մէջ իր առաջին դեսպանատունը բացաւ՝ առանց լրատուական խօսուն յայտարարութիւններու: Սակայն Երեւանը շուտով՝ երկու շաբաթ ետք, տուն կանչեց իր դեսպանը, Իսրայէլի Ատրպէյճանին զէնք ծախելուն պատճառով: Իսրայէլը իր ափսոսանքը յայնտեց այս որոշումին կապակցութեամբ: Այսօր (Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր), Իսրայէլի Նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է իր հայ գործընկերոջ հետ՝ փորձելով խաղաղեցնել իրավիճակը, մանաւանդ որ Իսրայէլը պատրաստակամութիւն չունի հրաժարիլ Իսրայէլին զէնք մատակարարելէն:
Երեւանը այս քայլին դիմեց՝ որ դիւանագիտական ապտակ էր, այն իրողութենէն ետք, երբ մամուլի հրապարակումները յայտնեցին, թէ ատրպէյճանական բեռնատար ինքնաթիռ մը թռիչք առած է Իսրայէլի հարաւէն, ըստ «Flight Tracker 24»ի տուեալներուն: Ըստ կայքին, ատրպէյճանական ինքնաթիռը, որ «Silk Way» ընկերութեան կը պատկանի, օդ բարձրացած է իսրայէլեան «Ովտա» ռազմական կեդրոնէն մօտ գտնուող «Ռամոն» օդակայանէն:
Սթոքհոլմի «Խաղաղութեան Միջազգային Հետազօտութիւններու Կաճառ»ի տուեալներուն համաձայն, վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Իսրայէլը թիւ մէկ զէնքի մատակարարողը եղած է Ատրպէյճանին մանաւանդ 2017-2019-ին, 740 միլիոն տոլար գերազանցող վաճառքով: Սակայն Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը իր զէնքի վաճառքի մանրամասներն ու յաճախորդներուն տուեալները չի հրապարակեր: