image

Կիւլպէնկեան Հիմնարկէն նոր նախաձեռնութիւն.Արցախի մասին ուսումանսիրութիւններու համար 30.000 եւրօ արժողութեամբ կրթաթոշակ

Կիւլպէնկեան  Հիմնարկէն նոր նախաձեռնութիւն.Արցախի մասին ուսումանսիրութիւններու համար  30.000  եւրօ արժողութեամբ կրթաթոշակ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մեկնարկեց կրթաթոշակներու նոր ծրագիր մը Յունուար 2021-ին, որ կը կեդրոնանայ Արցախի մասին հետազօտական աշխատանքներու վրայ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Բաժանմունքին «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթաթոշակ»-ի ծրագիրին, եւ կը նպատակադրէ քաջալերել Արցախի վերաբերեալ ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով յետ-1994-եան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ առկայ կացութեան։  

 

Դիմումներու առաջին փուլին (Մարտ 1-էն Ապրիլ 20), չորս տարբեր երկիրներէ դիմումներ կատարուեցան. Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ։ Այս փուլին, ութ դիմողներ կրթաթոշակ ստացան, հաշիւի առնելով դիմումներուն որակը եւ ուսումնասիրութեան առարկաներուն այժմէականութիւնը: Նիւթերն են՝ արտաքին քաղաքականութիւն եւ ապահովութիւն, միջազգային օրէնք, մշակութային ինքնութիւն, սեռային ներառականութիւն, խաղաղութեան հաստատում, սնունդի ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ բնապահպանական հարցեր։

 

Կրթաթոշակներուն ընդհանուր գումարը 30,000 եւրօ է, որ յատկացուեցաւ հետեւեալ դիմողներուն.

 

• Ատրինէ Գրիգորեան (ԱՄՆ)

• Դկտ. Ալբերթ Հայրապետեան (Հայաստան)

• Արմէն Ասրեան (Հայաստան)

• Դկտ. Քարոլ Ման (Ֆրանսա)

• Ղարիպ Յարութիւնեան (Հայաստան)

• Դկտ. Իկոռ Տորֆման-Լազարեւ (Ֆրանսա)

• Դկտ. Ռուբէն Էլամիրեան (Հայաստան)

• Դկտ. Թալին Փափազեան (Ֆրանսա)

 

Կը շնորհաւորենք բոլոր նպաստառուները, եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասենք այլազան ուսումնասիրութիւններուն  արդիւնքներուն։

 

Արցախի մասին հետազօտական կրթաթոշակներու այս ծրագիրը պիտի ունենայ դիմելու երկրորդ փուլ մը՝ Յուլիս 1-էն մինչեւ 31 Օգոստոս 2021։

 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ծրագիրին էջը՝

 https://gulbenkian.pt/en/bolsas-lista/short-term-research-grants-for-the-study-of-nagorno-karabakh-ii/