image
Հրատապ լուրեր:

Քիեւ կը պատրաստուի «Պայրաքտար»ներով սպառնալ Ռուսաստանին

Քիեւ կը պատրաստուի «Պայրաքտար»ներով սպառնալ Ռուսաստանին

 

Քիեւը Թուրքիայէն անօդաչու թռչող սարքեր գնած է, որ Ռուսաստանը երկու անգամ մտածէ յարձակելէ առաջ: Այս մասին թրքական «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան։

 

«Անօդաչու թռչող սարքերն անհրաժեշտ են Ռուսաստանը զսպելու համար, որ նախքան Ուքրանիոյ նկատմամբ սրացումներու երթալն ու մաշտապային յարձակում ծրագրելը երկու անգամ մտածէ», -ըսած է նախարարը եւ աւելցուցած, որ Ուքրանիան զէնքը կը գնէ «պաշտպանութեան նպատակով»։

Ան նշած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան յարձակման պարագային Ուքրանիան երկրի որեւէ մասի մէջ անօդաչու թռչող սարքեր պիտի կիրառէ։