Պայմանաւորուած արաբական անապատներէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ՝ 21-26 Յունիսը հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կը սպասուի օդային խիստ բարձր ջերմաստիճան:
Օդերեւութաբանութեան կեդրոնէն յայտնած են, որ Արարատեան դաշտին մէջ եւ անոր նախալեռներուն մէջ, Վայոց Ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովտային գօտիին եւ Երեւանի նէջ ցերեկային ժամերուն կը սպասուի +39․․․+40 աստիճան: 21-26 Յունիսը նշուած գօտիներուն մէջ կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:
Անդրմանիշակագոյն ճառագայթման ցուցանիշը կը կանխատեսու չափանիշէն բարձր։ Խորհուրդ կը տրուի ժամը 11։00-էն մինչեւ 17։00-ն ինկած ժամանակահատուածին խուսափիլ արեւի ուղիղ ճառագայթներէն։