image

Պէտք է սպասել նոր կառավարութեան կազմութեան. Սերկէյ Լաւրով

Պէտք է սպասել նոր կառավարութեան կազմութեան. Սերկէյ  Լաւրով

Ընտրութիւնները նոր տեղի ունեցած են, դեռ պարզ չէ, թէ ինչպէս այդ արդիւնքները պիտի ազդեն նոր պայմաններուն մէջ քաղաքական կեանքի ձեւաւորման վրայ: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէս կ'անդրադառնան Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները Ղարաբաղի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակի վրայ:

«Եկէք սպասենք, մինչեւ այնտեղ կառավարութիւն կազմուի,- ըսած է Լաւրովը:- Մենք, թերեւս, կը մեկնինք անկէ, որ պատերազմին վերջ տուած եռակողմ համաձայնագրերը, ինչպէս նաեւ երկրորդ եռակողմ համաձայնագիրը, որ սկիզբ դրաւ ամբողջ տնտեսական գործունէութեան յստակ ձեւերու համաձայնեցման գործընթացին, կը գործեն եւ կը համապատասխանեն ներգրաւուած բոլոր կողմերու շահերուն»: