image

«Մեզի ընդամէնը մէկ շաբաթ պէտք է». Թրամփ կը շարունակէ սպառնալիքները

«Մեզի ընդամէնը մէկ շաբաթ պէտք է». Թրամփ կը շարունակէ սպառնալիքները

Միացեալ Նահանգներուն մէկ շաբաթէն ալ պակաս ժամանակ պիտի պահանջուի «գործը աւարտելու համար», Իրանի հետ պատերազմի վերսկսման պարագային։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

«Սակայն Վենեզուելան հիանալի կ՚ընթանայ, եւ Իրանը նոյնպէս շատ լաւ կ՚ընթանայ։ Ես նկատի ունիմ, եթէ Իրանը ողջամիտ եւ իմաստուն կերպով վարուի։ Հակառակ պարագային, մենք պիտի ստիպուինք աւարտել գործը, իսկ ատոր համար հաւանաբար մէկ շաբաթէն ալ պակաս ժամանակ պահանջուի», -ըսած է ԱՄՆ նախագահը՝ Փենսիլվանիոյ նահանգի Ալընթաուն քաղաքի մօտ տնտեսութեան վերաբերող իր ելոյթի ընթացքին։

«Կը կարծեմ, որ անոնք պիտի ընեն այն, ինչ որ անհրաժեշտ է, որովհետեւ մենք կը ցանկանք այդ արդիւնքին հասնիլ», աւելցուցած է Թրամփ։

Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը աւելի վաղ ստորագրած էին փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ ռազմական գործողութիւններու անմիջական դադրեցում բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ։

 

Յունիս 21-22-ին, Զուիցերիոյ Պիւրկենշթոք հանգստավայրին մէջ, տեղի ունեցած են ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ՝ Տոհայի եւ Իսլամապատի միջնորդութեամբ, յուշագրի գործադրութեան շուրջ։ Ինչպէս նշուած է Քաթարի եւ Փաքիստանի համատեղ յայտարարութեան մէջ՝ բանակցութիւններու առաջին փուլի աւարտին, Իրանի եւ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ հանդիպումը անցած է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Արձանագրուած է յուսադրող առաջընթաց, եւ հիմք ստեղծուած է հետագայ թեքնիք խորհրդակցութիւններու կազմակերպման համար։