image

Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծիրանի ամառնային դպրոց

Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծիրանի ամառնային դպրոց

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան այցելած է Ազգ. Միացեալ վարժարանին մէջ գործող «Ծիրանի» ամառնային դպրոցը՝ ծանօթանալով կրթադաստիարակչական ծրագիրին եւ հանդիպելով աշակերտներուն։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Երեքշաբթի, 16 Յունիս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Վաչէ Ճուհարեանի, այցելեց Ազգ. Միացեալ վարժարանէն ներս ընթացք առած Ծիրանի ամառնային դպրոց, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ օրդ. Անի Գալտընեանի, խորհուրդի անդամներուն, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի տնօրէնուհի եւ ամառնային դպրոցի պատասխանատու տիկ. Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեանի կողմէ։ 

Սրբազան Հայրը շրջեցաւ մանկապարտէզի, ապա նախակրթարանի դասարանները, ուր մօտէն ծանօթացաւ ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ ի գործ դրուած հաճելի եւ օգտաշատ կրթադաստիարակչական ամառնային ծրագիրին։ 

Սրբազան Հայրը զրուցելով աշակերտներուն հետ, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց եւ մաղթեց, որ ամառնային արձակուրդի ժամանակաշրջանը լաւապէս արժեւորելով շահեկան գործունէութեամբ հարստացնեն իրենց միտքերն ու հոգիները։

Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց Ծիրանի ամառնային դպրոցի շինիչ ծրագիրին համար եւ մեծապէս գնահատեց Ուսումնական Խորհուրդին, տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիներուն մեծ սիրով եւ նուիրումով կատարած աշխատանքը։

Յիշենք, որ Ծիրանի ամառնային դպրոցը ընթացք առաւ 15 Յունիս 2026-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 10 Յուլիս 2026: