Կուսակրօն քահանայական ծառայութիւնը պարզ կոչում մը չէ, այլ՝ ամբողջական նուիրում, հաւատքի անսակարկ պատասխան է եւ ժողովուրդին ծառայելու ուխտ։ Այս տարի կը լրանայ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանի քահանայական ձեռնադրութեան 15-ամեակը։ 19 Յունիս 2011-ին սկսած իր հոգեւոր ուղին տարիներու ընթացքին զինք առաջնորդեց Դպրեվանքէն մինչեւ Յունաստան, Գանատա եւ Կիպրոս՝ ամէնուրեք թողելով ծառայութեան, հաւատարմութեան եւ եկեղեցական նախանձախնդրութեան լուսաւոր հետք։
Այս գեղեցիկ եւ հոգեշահ առթիւ եւ յանուն «Արեւելք»ի մեծ ընտանիքին մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը յղենք սիրելի Հայր Սուրբին, վստահ ըլլալով, որ անոր յաջողութեան շաւիղները պիտի ըլլան միշտ բաց եւ անոր նուիրական ոգին միշտ լիառատ։
ԳԵՐՊ. Տ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Ծ. ՎՐԴ. ՍԱՂՏԸՃԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
19 Յունիս 2011-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէմէզեան Գէորգ սարկաւագ Սաղտըճեանը ձեռնադրեց կուսակրօն քահանայ՝ վերանուանելով զինք՝ Հայր. Յովհաննէս Աբղ.։
Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան ծնած է 30 Մարտ 1991-ին, Հալէպ, Սուրիա, ծնողներէ՝ որոնց արմատները կու գան Քեսապէն եւ Հալէպէն։ Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Սահակեան հայկական վարժարանին մէջ, ապա 2003-ին ընդունուած է Պիքֆայայի Դպրեվանք։
23 Մայիս 2004-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալէմէզեանի ձեռամբ ստացած է դպիրի աստիճան։
3 Յունիս 2007-ին, Գերշ. Տ. Տիրայր Եպս. Փանոսեան զինք ձեռնադրած է կիսասարկաւագ, իսկ 18 Մայիս 2008-ին, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըքեան՝ սարկաւագ։ Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, 19 Յունիս 2011-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէմէզեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ կոչուած՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Աբեղայ։
2011 Յունիսէն մինչեւ 2013 Յուլիս, ան դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ, միաժամանակ ծառայելով իբրեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գաւազանակիր։ 1 Օգոստոս 2013-ին ուղարկուած է Յունաստան, ուր մինչեւ 5 Փետրուար 2016 ծառայած է Փիրէայի Քոքինիա շրջանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, որպէս հոգեւոր հովիւ։ Ապա վերադարձած է Անթիլիասի Մայրավանք։
12 Յուլիս 2015-ին, Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի ձեռամբ ստացած է վարդապետական աստիճան։
1 Սեպտեմբեր 2016-ին Լիբանանէն մեկնած է Գանատա եւ ծառայութեան կոչուած Օնթարիոյի Քէյմպրիճ քաղաքի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ հոգեւոր հովիւ։
Հայր Սուրբը այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ 3 Յուլիս 2018։
6 Օգոստոս 2018-ին Հայր Սուրբը վերադարձած է Յունաստան՝ ծառայելու համար Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հինգ հայկական եկեղեցիներուն իբրեւ տեսուչ։ Այդ եկեղեցիներն են՝ Գոմոթինիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Քսանթիի Սուրբ Աստուածածին, Ալեքսանդրուպոլիսի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ, Քաւալայի Սուրբ Խաչ եւ Տիտիմոթիխոյի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։
6 Դեկտեմբեր 2019-ին նշանակուած է Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի առաջնորդութեան ներքոյ։ 10 Ապրիլ 2021-ին, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ արժանացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին։
5 Ապրիլ 2024-ին, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլուի հրամանագիրով, Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանին շնորհուած է Յունաստանի պատուոյ քաղաքացիութիւն։
19 Յուլիս 2024-ին նշանակուած է Կիպրոսի Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հայ համայնքներուն հոգեւոր հովիւ։ Ան Կիպրոս ժամանած է 17 Հոկտեմբեր 2024-ին՝ ստանձնելու իր նոր առաքելութիւնը։ Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը մատուցած է 20 Հոկտեմբեր 2024-ին, Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ներկայութեամբ։
Հայր Սուրբին մշտական ներկայութիւնը Լիմասոլի մէջ ունի յատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ քաղաքը վերջին անգամ մնայուն հայ հոգեւորական ունեցած էր 1970-1974 թուականներուն, երբ այն օրերու Հոգշ. Տ. Վարուժան Վրդ. Հերկելեան (Ներկայիս Գերշ-. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեան) այնտեղ կը ծառայէր իբրեւ ուսուցիչ եւ հոգեւոր հովիւ։
5 Յունուար 2025-ին, Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան իր առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցած է Փաֆոսի Խլորաքա շրջանի Սուրբ Գէորգ մատրան մէջ։





