Թուրքիան բարձր կը գնահատէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցային գործընթացը եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին արձանագրուած առաջընթացը։ Այս մասին Պաքուի մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական միութեան խորհրդաժողովի 20-րդ նստաշրջանին յայտարարած է Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշը։
Անոր խօսքով՝ Անգարան կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան ձեռքբերուն։
«Յոյսով եմ, որ տարածաշրջանին մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պիտի հաստատուի տեւական եւ անկեղծ խաղաղութիւն։ Հարաւային Կովկասը պիտի դառնայ խաղաղութեան, անդորրութեան եւ կայունութեան տարածաշրջան»,– ըսած է Քուրթուլմուշը։