image

Երեւանը երկուքին չի դիմանար. Kommersant-ի արձագանգը

Երեւանը երկուքին չի դիմանար.  Kommersant-ի  արձագանգը

  Ռուսական Kommersant պարբերականը ուշագրաւ  մեկնաբանութիւն մը    ներկայացուցած է     կիրակի  օր Հայաստանի մէջ կայացուած  արտահերթ  ընտրութիւններուն  մասին։

 Նիւթի ուշագրաւութեան համար, այն կը ներկայացնենք   ստորեւ.

ՀՀ-ի 20 յունիսին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն երկու առաջատար քաղաքական ուժերու` վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ նախկին նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքի անհաշտ դիմակայութիւնը այս ընտրութիւնները դարձուցին ամէնէն խայտառակը Հայաստանի անկախութեան ամբողջ պատմութեան մէջ: Այն իրավիճակին մէջ, երբ կողմերէն որեւէ մէկը պատրաստ չէ ընդունիլ պարտութիւնը, Հայաստանը կը շարունակէ պայքարիլ իշխանութեան համար՝ անկանխատեսելի արդիւնքով:

Աղբիւրը նկատել տուած է, որ ազգային համերաշխութեան անպատրաստութիւնը ընտրութիւնները վերածած է հարցի պատասխանի փնտրտուքի մը, թէ ով մեղաւոր է երկրի բազմաթիւ դժբախտութիւններուն համար` գործո՞ղ, թէ նախկին իշխանութիւնները: Եթէ ընդդիմութիւնը ամէն ինչի համար կը մեղադրէ Նիկոլ Փաշինեանը, ապա 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութեան» նախկին առաջնորդը զգալի տարածքներու կորուստի, բանակի փլուզման, փտածութեան եւ այլ անախորժութիւններու մեղքը կը բարդէ «նախկիններուն», եւ առաջին հերթին` Ռոպերթ Քոչարեանին վրայ:

Պարբերականը նաեւ նշած է, որ ընտրութիւնները, մասնակիցներուն համար վերածուած էին առանց կանոններու մարտի, սպառնալիքներու, փոխադարձ մեղադրանքներու եւ վարկաբեկումի պատերազմ, որու բարձրագոյն կէտը եղաւ կիրակի առաւօտ, երբ Երեւանի փողոցները յայտնուեցան Քոչարեանի պատկերով թռուցիկներ` արեան հետքերով եւ «հայերուն սպաննող» գրութեամբ:

Kommersant գրած է, որ ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան օրը ցոյց տուաւ, որ երկրի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի` ընտրութիւններուն «իրենց գործողութիւններուն զուսպ եւ խոհեմ ըլլալու, բարոյականութեան սահմանները քաղաքական նպատակներով չհատելու» կոչը անտեսուած էր 21 կուսակցութիւններու եւ չորս դաշինքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքէն յայտարարած են, որ «Հայաստանի պատմութեան ընթացքին, ընտրութիւններուն այսքան խախտումներ չեն եղած»: Կառավարութեան ղեկավարին հակառակորդները զինք մեղադրած են «լռութեան օրուայ» օրէնքը խախտելու համար, երբ շաբաթ օր,  ան իր Դիմատետրի էջի ուղիղ եթերով դիմած էր իր կողմնակիցներուն՝ կոչ ընելով երթալու ընտրութիւններուն:

Բաց աստի, «Հայաստան» դաշինքը պնդած է, որ ընդդիմութեան աքթիվիսթներու ձերբակալութիւնները շարունակուած են մինչեւ քուէարկութեան օրը, տեղեկատւութիւն տարածուած է առ այն, որ Ռոպերթ Քոչարեանի խումբը իբրեւ թէ գումար կը բաժնէ ընտրողներուն:

Իսկ ընտրողները կաշառելու թեման, որ, իբր թէ, տեղի ունեցած է ռուսական «Կազփրոմ»-ի տեղական դուստր ձեռնարկութեան եւ «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» ընկերութեան կողմէ, որ կը պատկանի ՌԴ քաղաքացի, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ՝ Սամուէլ Կարապետեանին, ամէնէն խայտառակն էր:

16 յունիսին, Նիկոլ Փաշինեան ուղղակի սպառնալիքներ հնչեցուցած էր այս ընկերութիւններուն՝  պնդելով, որ իրենց աշխատակիցները գումարներ կը բաժնեն ընտրողներուն, որպէսզի քուէարկեն «Հայաստան» դաշինքի օգտին:

Շաբաթ ԿԸՅ-ն վարչական միջոց օգտագործելու վերաբերեալ ընդդիմութեան բողոքներու կապակցութեամբ նախազգուշացում ըրած է կառավարութեան ղեկավարին, որուն ի պատասխան ընտրութիւններու օրը իշխող կուսակցութիւնը յայտարարած է ԿԸՅ-ի որոշումը բողոքարկելու մտադրութեան մասին` զայն որակելով «անհիմն»:

Նշուած է, որ ԿԸՅ-ն ամփոփած է բոլոր 2008 տեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները։ «Քաղաքացիական պայմանգիր» կուսակցութիւնը ստացած է 687․251 ձայն (53,92 %), «Հայաստան» դաշինքը՝ 268․165 ձայն ( 21,04 %), «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 66․633 ձայն (5.23 %) եւ ԲՀԿ-ն՝ 50․416 ձայն ( 3,96 %)։