image

Միքէլա Այնէճեան՝ «Running Under The Moon» մրցումի յաղթողը

Միքէլա Այնէճեան՝ «Running Under The Moon» մրցումի յաղթողը

Կիպրահայ մարզական կեանքը արձանագրեց նոր յաջողութիւն մը, երբ երիտասարդ մարզիկ Միքէլա Այնէճեան փայլուն ելոյթով առաջին տեղը գրաւեց կանանց 5 քիլոմեթր մրցավազքին՝ «Running Under The Moon» խորագրով մրցավազքին, որ տեղի ունեցաւ Կիպրոսի համալսարանի տարածքին։ Մեծ  համբաւ վայելած այս մարզական տօնին շուրջ 3,400 մասնակիցներ ուժերը չափեցին 5 եւ 10 քիլոմեթր հեռաւորութիւններու վրայ՝ մրցումը վերածելով իսկական մարզական խանդավառութեան։ 

Միքելա Այնէտճեան յաղթանակ արձանագրեց կանանց 5 քիլոմեթր մրցավազքին մէջ՝ «Running Under The Moon» մարզական ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Կիպրոսի համալսարանի տարածքին։ Մրցումը համախմբած էր շուրջ 3,400 մասնակիցներ, որոնք մրցեցան 5 եւ 10 քիլոմեթր հեռաւորութիւններու վրայ։ Իր յաջող   վազքով  հայուհի  Միքէլան անգամ մը եւս հաստատեց իր մարզական բարձր կարողութիւնները՝ արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին եւ հպարտութիւն պատճառելով կիպրահայ համայնքին։ 

Նշենք, որ հայուհին դուստրն է Կիպրոսի հայակական  համայնքի  աշխոյժ  հայրենակիցներ՝ Սիմոն  եւ Լուիզ Այնէճեաններու։