image

Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանի յուշերով՝ խոնարհում Հայր Արիստակէս Վրդ. Մանուկեանի վաստակին

 Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանի յուշերով՝ խոնարհում Հայր Արիստակէս Վրդ. Մանուկեանի վաստակին

Հալէպահայ՝ Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանի գրառումը՝ 

Այս առաւօտ, դիմատետրի "Մխիթարեան Մայրավանք Սուրբ Ղազար" էջէն կ'իմանամ, որ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերջերս նշած է իր ծերունազարդ միաբաններէն Հայր Արիստակէս վրդ. Մանուկեանի 99րդ տարեդարձը։ Անչա՜փ կ'ուրախանամ, որ մեր սիրեցեալ վարդապետը կենսառողջ է և իր դար մը փորձառութամբ տակաւին կը շարունակէ լուսաւորել շրջապատը։ 

Մարդիկ յաճախ կը հարցնեն ինծի, թէ ո'ր դպրոցէն եմ։ Պատասխանս, _ չեմ գիտեր ինչո՞ւ, _ միշտ ալ զարմացուցած է զիրենք։ Այո', ես Մխիթարեան հայրերու շունչով սնած ու ազգային ոգիով թրծուած հպարտ մխիթարեանական եմ։ Եւ աւելի'ն. այս վարժարանի ջերմ յարկին տակ սիրած եմ մեր մայրենին, շնորհիւ հայերէնաւանդ աննման ուսուցչուհի ու դաստիարակ Մարուշ Կիւլիւմեանին։ 

Կար ժամանակ, երբ մեր վարժարանը փառքի օրեր կ'ապրէր` խիտ շարքերով միայն հայ աշակերտութեամբ և որակեալ ուսուցիչներու փայլուն ընտրանիով։ 

Հայր Արիստակէսը մեր օրերու տեսուչն էր. խստապահանջ, սկզբունքի տէր և յարգանք պարտադրող անձնաւորութիւն մը։ Չէր սիրեր օրինազանցութիւնը, չէր հանդուրժեր տղոց չարութիւնն ու ծուլութիւնը։ Կը բաւէր, որ իր շուքը նշմարէինք դասարանի պատուհանի ապակիին վրայ և արդէն քար լռութիւն կը տիրէր։ Դպրոցէն ներս խիստ կարգապահութիւն կը հաստատէր, բայց մի'շտ ժպիտը դէմքին։ 

Մեր սերունդը այն բախտաւորներէն է, որ վայելեց Հայր Արիստակէսի ջերմութիւնն ու հայրական գորովալիր վերաբերմունքը։ 

Ամբողջ դար մը նուիրումով, ծառայասիրութեամբ ու արգասաբեր գործունէութեամբ յատկանշուող անխոնջ կղերականի խորհրդանիշն է հայր Արիստակէսը։ 

Խոնարհումս ձեր վաստակին, սիրելի' Վարդապետ