image

«Աշխատասէր ժողովուրդ մը, որ իր հողերէն հեռու ըլլալով հանդերձ հայրենիք կերտեց Պուրճ Համուտի մէջ» Al Nahar -ի անդրադարձը

«Աշխատասէր ժողովուրդ մը, որ  իր    հողերէն  հեռու  ըլլալով  հանդերձ  հայրենիք կերտեց Պուրճ Համուտի մէջ» Al Nahar -ի  անդրադարձը

Այցելել Լիբանանի հայկական Պուրճ Համուտ շրջանը կը նշանակէ ծանօթանալ հայ մշակոյթին, համտեսել  հայկական ուտելիքները, այցելել հայկական արհեստանոցները, տեսնել սերունդէ սերունդ փոխանցուած հայկական սովորոյթներ ու աւանդութիւնները: Որքան հաճելի է Պուրճ Համուտ շրջագայած ատեն յաճախ լսել  «բարի գալուստ, սիրելիներ, հրամմեցէք» կամ «ճիշդ է թէ «Սուճուխն» ու «Պասթուրման» մեր հայրենիքէն՝Հայաստանէն բերած ենք, բայց այստեղ Լիբանանի մէջ, ա՛լ աւելի համով կը պատրաստենք»:

Այս  բոլորէն մղուած , ես  որպէս «Ալ Նահար»  օրաթերթի աշխատակից՝ Նէնսի Պահմոտ, իմ ընթերցողներուս  կ՚առաջարկեմ  յարմար  առիթով մը այցելել  Պուրճ Համուտ ու ծանօթանալ  այդ  գողտրիկ   քաղաքի բարքերուն։

Եթէ հակիրճ ձեւով տամ առաջարկս, ապա պիտի ըսեմ,  որ Պուրճ համուտի մէջ կան այցելութեան   արժանի  առնուազն տասը   «տեղեր»   եւ անոնք են՝

 

1- Ճաշարաններ, որոնք  հայկական ձեւով պատրաստուած ապուխտ, պասթուրմա եւ շաւուրմա կը հրամցնեն, օրինակ՝ «Մանօ», «Պետօ» ճաշարանները, որոնք վաղուց գոյութիւն ունեցած են Պուրճ Համմուտի մէջ: Պետօ ճաշարանի տէրը կ'ըսէ,-«Երբ հիմնեցի այս ճաշարանը, այսքան հայութիւն չկար, այս բարձր շէնքերը չկային, ես առաջին եկուորներէն էի»:



 

2- Հայկական մշակոյթ եւ հայկական բարիքներ (հայաստանեան) ներկայացնող եւ վաճառող խանութներ, ուր  օրինակի   համար  կարելի է գտնել նրան գինի .. Նշեմ,  որ նուռը հայ ժողովրդի խորհրդանիշն է: Այդ վաճառատուներուն  մէջ կարելի է նոյնպէս գտնել զանազան միրգերէ պատրաստուած գինիներ Օրինակ՝ ծիրանի, խնձորի, կեռասի ու ելակի  խմիչքներ (օղի եւ գինի): Իսկ գինիի շիշը, այդ արդէն իւրայատուկ ու  յատկանշական է  իր նուռի ձեւով:

 


 


 

3-Համեմունքներու խանութներ,  ուր  վաճառուած   համեմներ  պատրաստուած  են  յատուկ մասնագիտութեամբ ու նաեւ աւանդութեամբ։  Այդ համեմներուն  բոյրը   կը  գրաւէ անցորդը,  կարծես հոգեկան բուժիչ յատկութիւն մ՚ունենայ: Նաեւ անուշեղէններու անհամար տեսակներ, յատուկ ներառուած Հայաստանէն:

 


 
 

4- Չորցուած միրգերու եւ բանջարեղէններու խանութներ,- Այս պահածոյի ձեւը կը կիրառուէր պատերազմներու ժամանակ, եւ մինչեւ այսօր տակաւին մնացած  է։ Չորցած սմբուկն ու դդումը, չիրն ու չամիչը, եւ շատ ուրիշ տեսակներ, եռանդով ու  խինդով կը   զարդարդեն յատկապէս  Մարաշ    անունը  կրող   թաղը։





5- Հայկական բնորդներու խանութը, որ նշանաւոր է իր ցուցադրած արձանիկներով, եւ մանաւանդ հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քանդակով, որ կը պատմէ ջարդի ահաւոր ու անջնջելի յուշերը:





6-Ս.Քառասնից Մանկանց եկեղեցին Հայ առաքելական եկեղեցի է կոչուած նահատակ  Սուրբերու անունով: Հայ եկեղեցին ոչ միայն կրօնական ներկայութիւն է հայ ազգին համար, այլ ազգային ամրոց մըն է, նկատի առնելով ազգ-կրօն փոխ  յարաբերութիւնն ու դարաւոր   պատմութիւնը։





7- «Արաքս» հռչակաւոր թաղը, իր ժողովրդական ու մատչելի հագուստներու զանազանութեամբ:





8- Պուրճ Համուտի հրապարակը, ուր կը գտնուի Պուրճ համուտի նշանաւոր սրճարանը, ուր կը հաւաքուին բոլորը հաճելի ու ջերմ մթնոլորտ վայելելու:





9- Մսաշոթի «Լահմաճունի» յայտնի փուռը, ուր կը հրամցուի հայկական կծուուով ու համեմով  պատրաստուած  այս  հոյակապ ուտելիքը։





10- Ոսկիի շուկան: Կասկածէ վեր է, թէ հայ արհեստաւորները՝ներառեալ ոսկերիչները, հին ժամանակներէ ի վեր յայտնի են, որպէս բծախնդիր վարպետներ. անոնք կը ձեւաւորեն զարդերն ու  թանկարժէք քարերը գեղեցիկ ու բարձր ճաշակով:

 

 

 

Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ կը հանդիպիս աշխատասէր ժողովուրդի, որ իր հողերէն արմատախիլ եղած ըլլլալով հանդերձ, կամքի ուժով ու աննկուն կամքով, կրկին ստեղծած է փոքրիկ հայրենիք մը, բայց  այս  անգամ  Լիբանանի մէջ:

 

 Նիւթը՝  «Ալ Նահար»  պարբերականէն

 (Արաբերէնէ  թարգմանեց ՝ Թ.Գ.)