image

«Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը». Ճօ Պայտընէն շնորհաւորանք

«Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը». Ճօ Պայտընէն  շնորհաւորանք

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն թուիթըրեան գրառումով անդրադարձած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ շնորհաւորած Նիկոլ Փաշինեանը:

«Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը յաջող խորհրդարանական ընտրութիւններու կապակցութեամբ: Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը ընդհանուր արժէքներէն մէկն է, եւ համագործակցութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու ու հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցով. մենք հաւատարիմ ենք այդ գործընկերութեան ամրապնդման»,- ըսուած է գրառման մէջ: