Վատիկանի մէջ, տեղի ունեցած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը, որու ժամանակ Պապը իր «համակրանքը» յայտնած է ամերիկացի ժողովուրդի նկատմամբ, հաղորդած է AP-ն։
Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Պլինքընի առանձնազրոյցը տեւած է մօտ 40 րոպէ, ինչ որ, ինչպէս նշած են լրատուամիջոցները, բաւական երկար է՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Պլինքըն ԱՄՆ-ի վարչակազմի բարձրագոյն ղեկավարը չէ:
Վատիկանի ներկայացուցիչ՝ Մաթիօ Պրունին յայտնած է, որ հանդիպումը անցած է «ջերմ մթնոլորտի մէջ» եւ Հռոմի Պապը ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին փոխանցած է ամերիկեան ժողովուրդի նկատմամբ իր համակրանքը։
Իր հերթին, Պլինքըն, նկարագրելով Հռոմի Պապի հետ հանդիպումը, նշած է, թէ «շատ գոհ է անոր հետ հանդիպումէն, որու ընթացքին քննարկած են համավարակի, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի եւ փախստականներու հետ կապուած հարցեր»։