Կարմիր դրօշը՝ վրէժխնդրութեան կոչով, կը ծածանի Թեհրանի գլխաւոր կրօնական համալիրի՝ Իմամ Խոմեյնիի մոսալլայի գմբեթի վրայ։ Վերջին երեք օրերուն այստեղ իրանցիները հրաժեշտ տուած են մահացած գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն։
Մոսալլայի մէջ Խամենէիի դագաղի գտնուելու վերջին ժամերուն քանի մը միլիոն մարդ եկած է անոր հրաժեշտ տալու։ Ողջ մայրաքաղաքին մէջ շարունակուած են սգոյ միջոցառումները, մարդիկ երեկոյեան դուրս եկած են գլխաւոր հրապարակներ՝ դրօշներով եւ առաջնորդի դիմանկարներով՝ իշխանութիւններուն իրենց աջակցութիւնը յայտնելու համար։
Քաղաքը կը պատրաստուի մահացած առաջնորդի եւ անոր հարազատներու մարմիններու մասնակցութեամբ մաշտաբային երթի, որուն, ըստ իշխանութիւններու տուեալներու, պիտի մասնակցի 15-էն 20 միլիոն մարդ։