ՀՀ ոստիկանութիւնը նոր մանրամասնութիւններ յայտնած է Արմաւիրիմարզպետի խորհրդական՝ Մանուկ Սիմոնեանի սպանութեան մասին:
Ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ոստիկանութեան հետախուզութիւններուն համաձայն, 25 յուլիսին, ժամը 23.30-ի մօտ, Արմաւիրի մարզի Միասնիկեան Դալարիկ ճանապարհի մօտ «Դալարիկի ձոր» կոչուող տարածքը յայտնաբերուած է Արմաւիրի մարզպետի խորհրդական, 1965 -ին ծնած Մանուկ Սիմոնեանի դիակը:
Հետաքննութիւնները պարզած են, որ 1970 –ին ծնած Ռ. Մ.-ն կացինով բազմաթիւ անգամ հարուածած է գլուխը եւ սպաննած է, ապա, սաւանով փաթթած, կապած եւ 1994 թ.ծնած Ն. Ս.-ի հետ յուլիսի լոյս 23-ի գիշերը, ժամը 4.00-ի սահմանները, հանգուցեալին պատկանող «Մերսեդես Պենզ» մակնիշի ինքնաշարժով դիակը տեղափոխած են նշուած վայր ու հեռացած։
Ռ. Մ.-ն եւ Ն. Ս.-ն ձերբակալուած են:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։