Իրաքի Երկար Գիշերը. Սատտամէն Ետք Չեկած Խաղաղութիւնը
Շատ «մխիթարական» չէ Իրաքի մէջ առկայ քաղաքական, ապա նաեւ տնտեսական համապատկերը։ Երկիր մը, որ կը համարուի «Նաւթարդիւնաբերութեան ակումբ»ի հիմնական «խաղացողներ»էն մին կը շարունակէ դիմաւգրաւել տնտեսական, քաղաքական ու նաեւ ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ։
Եթէ արեւմտեան աշխարհին համար Սատտամ Հիւսէյն կը համարուէր երրորդ աշխարհի ամէնէն «վտանգաւոր» բռնակալներէն մին, ապա յստակ է արդէն, որ Սատտամ Հիւսէյնի (Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգը տապալեցաւ 2003 թուականին) վարչակարգի տապալումէն, անոր ձերբակալումէն, դատավարութիւնէն ու նաեւ մահապատիժի ենթարկուելէն ետք Իրաքը չունեցաւ հանգիստ օր։
Տարբեր պայմաններու եւ իրավիճակներու բերումով իրաքցի ժողովուրդը ապրեցաւ դառնաղէտ ժամանակներ։
Նախ յետ-սատտամեան խառն ժամանակները, ապա ներքին պայքարը՝ ամերիկեան ուժերու ներկայութեան դէմ, որուն յաջորդեց ԻՇԻՊ-ի «ծննդոց»ի օրերը իրաքեան հողերուն վրայ ու այդ «ծննունդ»էն սկիզբ առած ներքին ճակատումները ու ապա ԻՇԻՊ-ի «արտածում»ը դէպի շրջակայ երկիրներ, բայց մանաւանդ Սուրիա։
Խորքին մէջ ծանր, մահաբեր եւ վտանգաւոր ալիքի մը վրայ էր, որ ԻՇԻՊ-ը փորձեց իր տեղը գտնել արաբական աշխարհին մէջ, տարածելով մահ ու աւեր ու ամենակարեւորը ստեղծելով ու «կերտել»ով անհեռնակար եւ աղօտ ապագայի մը համապատկերը։
Այս բոլորը հարկ է հաշուի առնել, հասկնալու համար, թէ ինչպիսի գետին մը պատրաստուեցաւ վիրաւոր Իրաքին մէջ, երբ անոր մենատէրը տապալեցաւ, որուն հետեւանքով ալ աճեցաւ ու զարգացաւ ռատիքալ իսլամիստներու համակարգը։
Այս բարդ պատկերին մէջ նկատառելի է անշուշտ, որ ամերիկացիք, որոնց համար Իրաքի մէջ ժողովրդավարութիւնը «գերնպատակ» մըն էր, գործեցին ահռելի սխալներ։
Ու այդ սխալներէն անդին «յաջողեցան» արար-աշխարհին ցոյց տալ իրենց կայսերապաշտութեան «սեւ երեսակ»ը, բան մը, որուն հետեւանքով ալ Իրաք կը շարունակէ ապրիլ ու տառապիլ մեծ ու փոքր խնդիրներով, մեծ ու փոքր կորուստներով եւ ի վերջոյ մեծ ու փոքր անորոշութիւններով։
Ի՞նչ կը կատարուի Իրաքի մէջ
Իրաքի մէջ սկսած կաշառակերութեան դէմ լայնածաւալ արշաւը առաջին հայեացքով կը թուի ըլլալ նոր էջի մը սկիզբը։ Արդարեւ անցնող շաբաթավերջին Երկրի նորընտիր վարչապետ Ալի Ալ-Զայիտիի հրահանգով ձերբակալուեցան տասնեակ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, երեսփոխաններ, զինուորական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական դէմքեր, որոնց անունները կապուած են պետական միջոցներու չարաշահման, պաշտօնական դիրքի շահագործման եւ յատկապէս նաւթային ոլորտի կասկածելի գործարքներու հետ։
Պաղտատի կառավարական «Կանաչ Գօտի»ն, որ կը համարուի Իրաքի իշխանութեան եւ պետական զգայուն կառոյցներու կեդրոնը, կիրակի օր փակուած էր յատուկ ուժերու կողմէ։ Իրաքեան աղբիւրներու համաձայն, հակաահաբեկչական ծառայութեան ուժերը, հրասայլերով եւ զինուորական մեքենաներով, տեղակայուած են գօտիին մուտքերուն եւ պետական շէնքերու շրջակայքին մէջ՝ սահմանափակելով պաշտօնեաներու եւ քաղաքացիներու տեղաշարժը։
Տեղեկութիւններ հաղորդուեցան նաեւ լարուածութեան եւ սահմանափակ բախումներու մասին՝ հակաահաբեկչական ծառայութեան ուժերուն եւ կառավարական պալատին առնչուած չորրորդ գումարտակի անդամներուն միջեւ։ Այս տեղեկութիւնները տակաւին պաշտօնապէս չեն հաստատուած, սակայն յստակ է, որ Պաղտատի մէջ տեղի ունեցածը սովորական ապահովական գործողութեան սահմանները անցնող զարգացում մըն էր։
Գործողութեան գլխաւոր թիրախը, ըստ իրաքեան եւ միջազգային աղբիւրներու, երկրի նաւթային ոլորտը ղեկավարող վերնախաւն է։ Իրաքը աշխարհի նաւթով հարուստ երկիրներէն է, իսկ նաւթարդիւնաբերութիւնը երկրի ֆինանսական եկամուտի հիմնական աղբիւրը։
Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի անկումէն ետք այս ոլորտը (մանաւանդ) դարձած է կաշառակերական մեծ ցանցերու, կուսակցական ազդեցութեան եւ պետական միջոցներու փոշիացման գլխաւոր դաշտերէն մին։
Ըստ հաղորդումներու, քննութիւնները կը վերաբերին միլիառաւոր տոլարներու հասնող կասկածելի գործարքներու եւ պետական գումարներու չարաշահման։ Ձերբակալուածներու շարքին կը նշուին պաշտօնատարներ, պատգամաւորներու հետ կապուած անձեր, ապահովական ծառայողներ եւ ազդեցիկ քաղաքական դէմքեր։ Կը խօսուի նաեւ նաւթային ոլորտի բարձրաստիճան պատասխանատուներու ներգրաւուածութեան մասին։
Սակայն Իրաքի հարցը միայն քանի մը կաշառակեր պաշտօնեայի ձերբակալութեան մէջ չէ։ Խնդիրը աւելի խորունկ է։
2003-էն ի վեր Իրաքի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական համակարգը հիմնուած է համայնքային եւ կուսակցական «բաժնեկցութեան» վրայ։ Այդ համակարգին մէջ նախարարութիւնները յաճախ դիտուած են իբրեւ այս կամ այն կուսակցութեան, խմբաւորման կամ ազդեցիկ ուժի «բաժին»։ Այսինքն՝ պետական կառոյցները շատ անգամ ծառայած են ոչ թէ հանրային շահին, այլ ազդեցութիւն, դրամ եւ հովանաւորչութիւն ապահովելու նպատակին։
Այս պատճառով ալ ներկայ ձերբակալութիւնները կարեւոր են, բայց բաւարար չեն։ Անոնք կրնան ցոյց տալ, որ վարչապետ Ալի Ալ-Զայիտի կը փորձէ ուժեղ ղեկավարի կերպար ներկայանալ վստահութիւն ներշնչել թէ՛ իրաքցիներուն, թէ՛ արտաքին գործընկերներուն, յատկապէս Ուաշինկթընին։ Սակայն եթէ պայքարը չհասնի համակարգի արմատներուն, նոյն մեքենան վաղը կրնայ նոր անուններով շարունակել իր հին գործելակերպը։
Ուշագրաւ է նաեւ գործողութեան ժամանակաւորումը։ Վերջին ամիսներուն Միացեալ Նահանգները Իրաքի եւ Սուրիոյ նկատմամբ իր մօտեցումին մէջ աւելի մեծ շեշտ կը դնէ կայունութեան, պետական ինքնիշխանութեան, ներքին անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային բնականոնացման վրայ։ Թէեւ Պաղտատի մէջ ընթացող գործողութիւնը ներքին բնոյթ ունի եւ իրականացուած է Իրաքի հակաահաբեկչական ծառայութեան կողմէ, սակայն բազմաթիւ շրջանակներ կը կարծեն, թէ այսպիսի լայնածաւալ քայլ դժուար պիտի ըլլար իրականացնել առանց ամերիկեան հովանիի, համաձայնութեան կամ առնուազն քաղաքական «կանաչ լոյս»ի։
Այս ենթադրութիւնները պաշտօնապէս հաստատուած չեն։ Սակայն Պաղտատի մէջ կը զգացուի քաղաքական լուրջ լարուածութիւն։ Որոշ մեկնաբաններ նոյնիսկ կը խօսին «յեղաշրջման հոտ» ունեցող զարգացումներու մասին՝ նկատի ունենալով «Կանաչ գօտի»ի փակումը, յատուկ ուժերու տեղակայումը եւ իշխանական շրջանակներուն մէջ առաջացած խուճապը։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ որոշ քաղաքական գործիչներ փորձած են երկրէն հեռանալ կամ հեռու մնալ ձերբակալութիւններու ալիքէն։
Իրաքի մէջ կաշառակերութիւնը կապուած է նաեւ զինեալ խմբաւորումներու, կուսակցական ցանցերու եւ արտաքին ազդեցութիւններու հետ։ Իրանի հետ սերտ կապ ունեցող որոշ զինեալ ուժեր տարիներ շարունակ խոր ներկայութիւն ունեցած են ոչ միայն ապահովական դաշտին, այլ նաեւ տնտեսութեան, պետական պայմանագիրներու եւ նախարարութիւններու մէջ։ Ահա թէ ինչու հակակաշառակերական պայքարը Իրաքի մէջ միայն ֆինանսական խնդիր չէ. անիկա նաեւ պետութեան իշխանութեան, ինքնիշխանութեան եւ զէնքի մենաշնորհին առնչուած հարց է։
Վարչապետ Ալի ալ-Զայիտիի համար գլխաւոր փորձութիւնը հիմա այն է, թէ պիտի համարձակի՞ պայքարը շարունակել մինչեւ վերջ, թէ այս արշաւը պիտի մնայ միայն ուժի ցուցադրութեան սահմաններուն մէջ։
Գոյութիւն ունի կարծիք, որ Իրաքի մէջ կարելի չէ իրական փոփոխութիւն կատարել՝ առանց «դպնալու» այն ուժերուն, որոնք տարիներ շարունակ օգտուած են պետական համակարգէն եւ երբեմն ալ ունեցած են վճռորոշ դեր վարչապետներու իշխանութեան գալուն մէջ։
Կայ նաեւ ուրիշ մտահոգութիւն մը։ Եթէ ձերբակալութիւնները ընկալուին իբրեւ ընտրովի արդարադատութիւն կամ քաղաքական մրցակիցներու դէմ ուղղուած հաշուեյարդար, ապա այսօրուան հակակաշառակերական արշաւը վաղը կրնայ վերածուիլ ներքաղաքական նոր ճգնաժամի։ Իրաքի անցեալ փորձը ցոյց տուած է, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը, երբ կ՚իրականացուի միայն մէկ կողմի դէմ, կրնայ խորացնել համայնքային եւ քաղաքական բաժանումները։
Այնուամենայնիւ, այս փուլը կարելի չէ անտեսել։ Սատտամ Հիւսէյնի անկումէն ետք Իրաքի մէջ նման ծաւալի գործողութիւն հազուադէպ է։ Անիկա կրնայ սկիզբ դնել իրական «մաքրագործումի» մը, եթէ շարունակուի օրէնքի, դատական անկախութեան եւ պետական թափանցիկութեան հիման վրայ։ Բայց կրնայ նաեւ մնալ «քաղաքական բեմադրութիւն» մը, եթէ սահմանափակուի քանի մը աղմկոտ ձերբակալութիւններով։
Այլ խօսքով՝ Իրաքի մէջ տեղի ունեցողը սկիզբ մըն է, ոչ թէ լուծում։ Ձերբակալութիւնները կրնան աղմուկ բարձրացնել, բայց Իրաքի իրական վերականգնումը կը պահանջէ աւելին՝ անկախ դատական համակարգ, պետական հաշուետուութիւն, դրամական հոսքերու խիստ վերահսկում, նաւթային եկամուտներու թափանցիկ կառավարում եւ պետութեան ամբողջական իշխանութիւն իր հողին, իր դրամին եւ իր զէնքին վրայ։
Այսօրուան հիմնական հարցը հետեւեալն է. Ալի Ալ-Զայիտիի իշխանութիւնը պիտի կարենա՞յ կոտրել այն համակարգը, որ զինք իշխանութեան հասցուց, թէ համակարգը դարձեալ պիտի կլանէ այս նոր փորձը եւ շարունակէ իր հին ընթացքը։ Իրաքցի ժողովուրդը արդէն շատ անգամներ լսած է բարեփոխումի խոստումներ։ Այս անգամ փորձաքարը պարզ է. ձերբակալութիւններէն անդին պետութիւնը պիտի փոխուի՞, թէ ոչ։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս