image

Արմաւիրի մարզպետի օգնականը սպաննուած է իր կնոջ հարուածներով

Արմաւիրի  մարզպետի  օգնականը   սպաննուած է  իր կնոջ   հարուածներով

ՀՀ ոստիկանութիւնը նոր մանրամասնութիւններ յայտնած է Արմաւիրիմարզպետի խորհրդական՝ Մանուկ Սիմոնեանի սպանութեան  մասին:

Ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ոստիկանութեան հետախուզութիւններուն համաձայն, 25 յուլիսին, ժամը 23.30-ի մօտ, Արմաւիրի մարզի Միասնիկեան Դալարիկ  ճանապարհի  մօտ «Դալարիկի ձոր»  կոչուող  տարածքը  յայտնաբերուած  է Արմաւիրի  մարզպետի  խորհրդական,  1965 -ին ծնած Մանուկ Սիմոնեանի դիակը:

Հետաքննութիւնները պարզած են, որ   1970 –ին ծնած Ռ. Մ.-ն  կացինով բազմաթիւ անգամ հարուածած է   գլուխը  եւ սպաննած է, ապա,   սաւանով փաթթած, կապած եւ 1994 թ.ծնած Ն. Ս.-ի հետ յուլիսի լոյս 23-ի գիշերը, ժամը 4.00-ի  սահմանները, հանգուցեալին պատկանող   «Մերսեդես Պենզ»  մակնիշի ինքնաշարժով դիակը տեղափոխած են նշուած վայր ու հեռացած։

Ռ. Մ.-ն եւ Ն. Ս.-ն ձերբակալուած են:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։