image

«Ամերիկահայութեան համար ամենակարեւոր խնդիրը Ցեղասպանութեան ճանաչումն է» Ամերիկահայ գործարար Մայքըլ Սարեան

«Ամերիկահայութեան համար  ամենակարեւոր  խնդիրը   Ցեղասպանութեան   ճանաչումն է» Ամերիկահայ գործարար  Մայքըլ Սարեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  ամերիկահայ      գործարար, համայնքային գործիչ Մայքլ Սարեանը.


-Պր. Սարեան, գիտենք,  որ  դուք  բաւականին  աշխոյժ    դերակատարութիւն ունիք ամերիկահայ  շրջանակներուն  մէջ,  եւ  այդ առումով  ալ պիտի ուզէինք  իմանալ՝ այսօր ի՞նչ  են ամերիկահայութեան գլխաւոր  խնդիրները։


Ամերիկահայերուն համար  ինչպէս երէկ, այսօր ալ  գլխաւոր հարցը, Ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Այդ խնդիրը   տարիներէ  ի վեր մեր  թիւ մէկ ազգային հարցն  է, որովհետեւ այդ   խնդիրը մինչեւ վերջերս  չէր  ստացած իր  արդար   լուծումը։ Ինչպէս  գիտէք, վերջերս  թէ՛ Սենատը (ծերակոյտը)  եւ թէ՛ ալ  Ներկայացուցիչներու  տունը    հայանպաստ    որոշումներով   հանդէս եկան   եւ   ճանչցան Ցեղասպանութիւնը: Մեզի համար, որպէս հայեր, ասիկա ամէնամեծ հարցերէն մէկն էր, որովհետեւ տարիներով փորձած ենք, որ ԱՄՆ  կառավարութիւնը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:  Ամերիկայի  յաջորդական նախագահները  ամէն տարի Ապրիլ 24ին յայտարարութիւն կ'ընէին  եւ Ցեղասպանութիւն բառը չէին գործածէր: Օպամայի ժամանակ Մեծ եղեռն արտայայտութիւնը մէջտեղ եկաւ անշուշտ կառավարութեան կողմէ, սակայն  մենք, որպէս  հայութիւն,  կ'ուզէինք, որ Ցեղասպանութիւն բառը գործածուի, որովհետեւ տարբերութիւն կայ Եղեռնի եւ Ցեղասպանութեան միջեւ: Ցեղասպանութիւնը  ամբողջ  ժողովուրդի մը, ազգի մը բնաջնջումն է, այդ էր թուրքերուն ծրագիրը եւ  Օսմանեան կայսրութեան նպատակը՝ հայ ժողովուրդը, ցեղը  ջնջել քարտէսէն: Մենք կ'ուզենք որ այդ բառը գործածուի, որովհետեւ ուրիշ բառ մը գործածելը  սխալ է, եւ այդ Ցեղասպանութիւն բառը   յայտնի գիտնական  Լէմքինը  ստեղծած է։  Այս բոլորէն  անդին մեզի համար կարեւոր է, որ  աշխարհի ամենահզօր երկիրը    ընդունի  այդ փաստը: Գիտենք նաեւ, որ  այսօրուայ նախագահ Տանըլտ  Թրամբ զանազան   հաշիւներէ  մեկնելով այդ բառը չի գործածեր,  չուզէր թուրքի հետ իր յարաբերութիւնները վատացնել,  յատկապէս որ իրենք  այնտեղ ունին զինուորական խարիսխներ։ Ան նոյնիսկ անհատական   տնտեսական  մեծ  նախաձեռնութիւններ ունի Թուրքիոյ մէջ։


- Պր. Սարեան, շատեր կ'ըսեն, որ ԱՄՆ-ը կը շահագործէ հայկական հարցը.  այսօր իր շահերն ու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ վտանգուած են ու ատոր համար է, որ   մէջտեղ  կը հանէ    հայկական  հարցը։ Ի՞նչ  կարծիք  ունիք այդ մասին։  


Անշուշտ մենք կը տեսնենք թէ ԱՄՆ-ի մէջ ի՛նչ կ'ըլլայ, բայց  Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը որոշեց Ռուսաստանէն  S- 400 հրթիռային համակարգեր  գնել եւ այդ մէկը   զայրացուց Ամերիկան։ Ամերիկայի  քաղաքական  վերնախաւին համար  Էրտողանի քայլը անմարսելի է, սակայն   այս բոլորով հանդերձ  մենք նկատեցինք, թէ   նախագահ   Թրամբ   ինչպէ՛ս  խուսանաւեց եւ յայտարարեց,  որ Թուրքիոյ սխալին   թիւ մէկ պատասխանատուն իրեն նախորդած   Պարաք  Օպաման էր եւ այդ կերպ   փորձեց իրավիճակը  հանդարտեցնել ու նաեւ  բաց դուռ մը ձգել Անգարային հետ: Չմոռնանք, որ   այս ամբողջ  պատմութեան մէջ  Թուրքիան  հանդէս եկաւ  շատ   խորամանկ  դիրքերէ, բան մը որ  մենք շատ լաւ կը հասկնանք։   Ու  մինչեւ այսօր ալ  Թուրքիա  կը շարունակէ իր   խորամանկ  քաղաքականութիւնը, մէկ կողմէ  Ամերիկայի կողմն ըլլալով եւ միւս կողմէ ալ  Մոսկուայի հետ իր շահերը առաջ   տանելով։  Չենք   գիտեր,  թէ  Թուրքիոյ   այս խորամանկ քաղաքականութիւնը մինչեւ ե՛րբ կրնայ   երկարիլ,  բայց  յստակ է, որ ներկայ  փուլին  Անգարա,   հակառակ իր ունեցած մեծ  խնդիրներուն  հանդէս  կու գայ բաւական  ճարպիկ ու խորամանկ  դիրքերէ։  Այս բոլորը հաշուի պէտք է առնել ու նաեւ հասկնալ, որ  ոչ ոք  քու սեւ աչքերուդ համար  քեզի   հաշուի կ՚առնէ, կամ   քեզի նեցուկ կը կանգնի։