image
Հրատապ լուրեր:

Պուխարեստի մէջ յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Պուխարեստի մէջ յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Ռումանացի երկրպագուները Ապրիլ 24-ին, հաւաք իրականացուցած են Պուխարեստի հայկական եկեղեցւոյ մօտ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին։

Երկրպագուները կոչ ըրած են իրենց երկրին, պաշտօնապէս ճանաչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը.

«Ճանչցէք Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Մարդիկ ամբողջ աշխարհով պէտք է իմանան այդ մասին»,– ըսուած է եկեղեցւոյ մօտ փակցուած պաստառին վրայ։

«Մեր մտքերը այսօր հայ ժողովուրդի եւ ՖԱՖ-ի մեր եղբայրներուն հետ են։ Մենք համերաշխ ենք այս տառապանքի մէջ ու յոյս ունինք, որ իրենց ազգի հանդէպ իրականացուած յանցագործութիւնն ու կոտորածը կը ճանաչուի ամբողջ աշխարհով՝ որպէս այս պատմական անարդարութիւններու ուղղում»,- ըսուած է Ռումանիոյ ազգային հաւաքականի երկրպագուներու՝ Uniti sub tricolor շարժման տարածած հաղորդագրութեան մէջ։