image

«Ամերիկացիք մեծ ճնշումներ կը բանեցնեն Լիբանանի դէմ, սակայն պիտի չյաջողին» Սէյիտ Հասան Նասրալլա

«Ամերիկացիք մեծ  ճնշումներ կը  բանեցնեն  Լիբանանի  դէմ, սակայն  պիտի չյաջողին» Սէյիտ Հասան Նասրալլա

 «Հըզպալլա»ի  Առաջնորդ Սէյիտ  Հասան  Նասրալլա,  որ այսօր  պատկերասփռուած  ելոյթ մը ունեցաւ մանրամասնօրէն  անդրադարաձւ երկրին մէջ տիրող  ընդհանուր  իրավիճակին։  Լիբանանցի  առաջնորդը    իր մտավախութիւնները արտայայտեց, որ Լիբանանը   կրկին  անգամ  թատերաբեմ կը դառնայ ներքին  արիւնայեղութեան   վստահեցնելով,  որ ինչպէս  միշտ այսօր եւս «Հըզպալլա»       մնաց  ու  կը շարունակէ մնալ    հարցերը  երկխօսութեան  ճանապարհով լուծելու ընտրանքներուն։

 

 Նասրալլա  նաեւ հաւաստեց, որ  դիմադրութիւնը      այսօր   աւելի քան  որեւէ  ժամանակ հզօր է եւ    իրենց ուղղուած բոլոր տեսակի   քննադատութիւնները անզօր  եւ անիմաստ են։

 

 Ստորեւ    մեր ընթեցողներուն կը ներկայացնենք Հասան Նասրալլայի   այսօրուան խօսքին կարեւորագոյն հատուածները։  

 

 

 

  «Ես  երբեք չեմ ըսած, որ ցուցարաները   դեսպանատուներու լծակներ են։

 Շնորհիւ համբերատարութեան   եւ զգօնութեան կարելի եղաւ  Լիբանանը  հեռու  պահել ներքին  պառակտման  ու  նաեւ բախումներու վտանգներէն։

Մտահոգիչ էր,   որ  հայհոյանքի  հրահրում կար  եւ այդ մէկը դատապարտելի ու աննախընթաց էր   եւ անշուշտ   նպատակ  ունէր   երկիրը  տանիլ    ներքին արիւնահոսութեան։

 

 Ճանապարհներ  փակելը եւ    քաղաքացիները      արժէզրկելն ու վիրաւորելը    հասան  անընդունելի  մակարդակներու եւ այդ մէկը նոյնպէս մտահոգութիւն  պատճառեց մեզի   եւ յատկապէս   երկրի  հարաւային շրջաններուն մէջ։

 Կարծես այդ  բոլոր արարքներուն մէջ   միտում կար. Միտում կար երկիրը  տանիլ  վտանգաւոր  վիճակի մը,  քաոսի ու նաեւ ներքին  արիւնայեղութեան։

   Ես  միշտ ալ  խորհուրդ տուած եմ  ցուցարարներուն, որ ըլլան նպատակասլաց եւ   հանդէս գան  յարգանքով, որպէսզի  իրենց խօսքը տեղ հասնի. Կոչ   կ՚ուղղեմ  նաեւ   Լիբանանի  ԶԼՄ-ներուն, որ ուշադիր ըլլան  եւ չսփռեն  ներքին    վիճակը  լարել  փորձողներուն խօսքերը։  Հիմա  իմ խօսքը պիտի ընկալեն, որպէս սպառնալիք  սակայն  այդպիսի  բան չկայ. Ես   չեմ սպառնար,  այլ խորհուրդ  կու տամ։

 

 

 Մենք  շատ համբերատար էինք, որպէսզի կարողանանք   լարուած  վիճակին  վերջ  տալ, անշուշտ մենք  առանձիին չէին  եւ ցուցարարներուն մէջ  եւս  կային մարդիկ, որ կը հասկնային  պահի լրջութիւնը եւ վտանգաւորութիւնը, ու այդ պատճառով ալ  անոնք եւս   մեզի օգնեցին, որպէսզի   հեռու  պահենք Լիբանանը    համընդհանուր քաոսէն»։

 

 

 Խօսելով   կառավարութեան   հրաժարականին  մասին Նասրալլա  նշեց, որ «Հըզպալլա»ն      վերջին տարիներու կառավարութիւններուն  մէջ  ամենաթոյլ   կողմն էր. Ան  այս  առումով  մասնաւորապէս   ըսաւ  «Տարբեր առիթներով   կառավարութիւնները  հրապարակած են    որոշումներ, որոնց  «Հըզպալլա»ն  կտրականապէս դէմ էր, սակայն  յանուն  համերաշխութեան  մենք շարունակեցինք մեր մասնակցութիւնը կառավարութեան մէջ։

 Շատեր մեզ  դատապարտեցին ու քննադատեցին,  եւ   այդ  բոլորն  անընդունելի  էին.  Մեզի  համար քննադատութիւնները արժէք  չունին,  որովհետեւ մենք    այսօր շատ ուժեղ  ենք, մենք  բոլոր մակարդակներու վրայ  հզօր ենք  եւ   այդ պատճառով ալ մենք      այլ  գործողութիւններու չդիմեցինք. Մենք  ուժեղ ենք եւ ինքնավստահ։

 Մենք դէմ  էինք, որ կառավարութիւնը  հրաժարական տայ, որովհետեւ մտահոգ էինք, որ   դժուարութիւն  պիտի  ունենանք  նոր կառավարութիւն մը կազմելու,  մտահոգ էինք, ոչ թէ մեր  շահերուն համար, այլ մտահոգ էինք երկրի   վիճակով։

 

 Այսօր  կառավարութիւնը  հրաժարաեցաւ եւ բոլոր    բարեկարգումներու ծրագիրները  մէկ կողմ դրուեցան։

 Վարչապետը   հրաժարեցաւ, իր     պատճառները   ունի եւ այս պահուն նպատակայարմար չէ  այդ բոլորը  քննարկել։

 Հիմա    Լիբանան  կառավարութիւն չունի, եւ բոլոր կողմերը պարտաւոր են  հեշտացնել  նոր կառավարութիւն մը կազմելու գործընթացները։

 

   Անշուշտ   այսօր մեզի համար  շատ կարեւոր է, որ  գալիք կառավարութիւնը     արագ կազմուի եւ  գործէ  հաշուի  առնելով   բողոքի ելած  ժողովուրդին   պահանջները. Եւ նոր կառավարութեան գլխաւոր   նպատակը եւ ուղղութիւնը պէտք է ըլլայ    վստահութեան  վերադարձը.  Այսօր վստահութիւնը կորսուած է եւ նոր կառավարութեան գլխաւոր առաքելութիւնը պէտք է դառնայ  այդ  կորսուած  վստահութեան վերադարձը։ Ըսեմ նաեւ, որ  նոր կառավարութիւնը շատ  ժամանակ  չունի եւ պէտք է գործէ  արագ ու ջանայ լրջութեամբ եւ  տքնաջան աշխատանքով    լուծել երկրի բոլոր հիմնահարցերը»։

 

  Նասրալլա  իր խօսքի  վերջին բաժնով  խօսեցաւ   Լիբանանի  դէմ դրուած   ամերիկեան  ճնշումներուն մասին. Ան մասնաւորապէս ըսաւ «Ամերիկացիք   հանդէս եկան շատ   վատ   դերակատարութեամբ, անոնք   տարբեր միջոցներ   գործի  կը դնեն ընկճելու համար Լիբանանը, սակայն եթէ մենք միասնական   ըլլանք, ոչ մէկ կողմ  պիտի կարողանայ  ճնշել մեզ։ Իմ ակնկալիքն է, որ    յառաջիկային Լիբանան կը կարողանայ կազմել  անկախ,  ինքնիշխան   եւ մեր ազգային  շահերէ  ամէն բանէ վեր դասող  կառավարութիւն մը»։

 

 Նասրալլա իր    խօսքի աւարտին  անդրադարձաւ   երէկ  երկրի  հարաւային շրջանին մէջ  տեղի ունեցած    իսրայէլեան      անօդաչու սարքին  վար  առնուելու դէպքին  վստահեցնելով, որ  իրենք  պիտի շարունակեն  իրենց պայքարը  անգամ մը եւս հաստատելով, որ Լիբանանի  դիմադրութեան   հարցը  հեռու է եւ հեռու պիտի մնայ  երկրի  ներքին խնդիրներէն։