Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն «փրկօղակ» ծառայած է Լեռնային Ղարաբաղի համար, այնուհետեւ Ատրպէյճանը դադրեցրեց անհրաժեշտ սնունդի եւ դեղամիջոցներու վերջին աղբիւրը: Այդ մասին Twitter-ի իր էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես։
«Աւելի քան 7 ամիս անցած է Ատրպէյճանի շրջափակումէն, այժմ ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները ճնշում գործադրեն Ալիեւի վրայ։ Կեանքեր մազէ կախուած են», ըսած է Մենետես: