image

Պաքուի ճնշումներուն տակ, Փարիզի քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ ցուցահանդէսի բացումէն

Պաքուի ճնշումներուն տակ, Փարիզի քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ ցուցահանդէսի բացումէն

Պաքուի ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն տակ, Փարիզի քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ հայ պատանդներուն նուիրուած ցուցահանդէսի բացումէն, որ այսուհանդերձ տեղի ունեցաւ

Սեպտեմբեր 2–ի առաւօտեան, Փարիզի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ 19 հայ պատանդներուն նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը՝ վրդովումի մթնոլորտի մէջ: Ֆրանսական կառավարութեան հրահանգով, Փարիզի քաղաքապետարանը վերջին պահուն ջնջեց իր պաշտօնական մասնակցութիւնը՝ հարկադրաբար տեղի տալով Ատրպէյճանի կողմէ բանեցուած բացառիկ բռնութեամբ դիւանագիտական սպառնալիքներուն։

 

Պաշտօնական հրաժարում՝ սպառնալիքի տակ

Ձեռնարկը, որ միասնաբար կազմակերպուած էր Փարիզի քաղաքապետարանին եւ CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) կողմէ եւ կը նախատեսէր մինչեւ Սեպտեմբեր 5 ներկայացնել քաղաքական բանտարկեալներու դիմանկարները, զրկուեցաւ քաղաքապետարանի ներկայացուցչութենէն։ Պատճառը Պաքուի բացայայտ ճնշումներն են եւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող ֆրանսացի քաղաքացիներու ապահովութիւնը վտանգող անմիջական սպառնալիքները:

CCAF-ը խստօրէն դատապարտեց պարտադրուած այս նահանջը՝ ընդգծելով, որ չափազանց վտանգաւոր նախադէպ է թոյլ տալ բռնատիրական պետութեան մը, որ Ֆրանսային թելադրէ, թէ վերջինս զով կրնայ պատուել իր իսկ հողին վրայ: Կազմակերպութիւնը կ'ահազանգէ, որ այս սպառնալիքներուն զիջիլը պարզապէս զայն քաջալերել կը նշանակէ (տե՛ս. CCAF-ի հաղորդագրութիւնը՝ վարը):

 

Անխախտ քաղաքացիական եւ քաղաքական զօրաշարժ

Հակառակ պաշտօնական մարմիններու բացակայութեան եւ բարձրախօսային սարքերու չգոյութեան, հաւաքը կայացաւ ձայնափողով (mégaphone)՝ շուրջ 300 անձերու ներկայութեամբ, որոնք համախմբուած էին Արցախի զինուորագրեալներուն եւ նախկին ղեկավարներուն դէմքերը ցուցադրող վահանակներուն շուրջ:

Զօրակցութիւնը դրսեւորուեցաւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու յատկանշական ներկայութեամբ։ Անոնց շարքին էին համայնքային ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, CRIF-էն Ժոնաթան Արֆին եւ Ֆիլիփ Մեյէրը, ինչպէս նաեւ Թութսիներու ցեղասպանութենէն վերապրողներու ներկայացուցիչ Մարսէլ Քապանտան: Քաղաքական դասն ալ ընդառաջեց այս կոչին, ներկայ էին Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Ջաւիէ Պերթրանը, երեսփոխաններ Քոնսթանս Լը Կրիփն ու Էմանիւէլ Մանտոնը, նախկին խորհրդարանական Ռընէ Ռուքէն, ինչպէս նաեւ տեղական ընտրեալներ՝ Ժոզիան Կոտ (Փարիզի 7-րդ թաղամաս), Սթեֆան Էքսփոզիթ (Ալֆորվիլ) եւ Ֆապիէն Լիածէ (Իսի-լէ-Մուլինո):

 

Մոռացութեան մերժում եւ անյապաղպատժամիջոցներու պահանջ

Արտասանուած խօսքերը լոյս սփռեցին խիստ քաղաքական տարողութեան վրայ այս կամայական ձերբակալութիւններուն, զորս Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը կը գործածէ որպէս փոխանակման միջոց: CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան խստօրէն քննադատեց Պաքուի բեմադրած «արդարադատութեան խեղկատակութիւն»՝ իննամսեայ շրջափակումէ եւ ցեղային զտումէ ետք։ Ան դատապարտեց հայ բանտարկեալներու, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի քաղաքացիներ Մարթէն Ռիանի ու Անաս Տեռազի ուղղակի որպէս խաղաքարտ օգտագործումը՝ սպառնալիքներ հնչեցնելու համար:

Իր պաշտօնակիցը՝ Մուրատ Փափազեան, իր կարգին պահանջեց այս 19 պատանդներուն' ի շարս որոնց Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու անվերապահ ազատ արձակումը։ Ան կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան՝ որեւէ ուժանիւթային համաձայնագիր պայմանաւորելու անոնց ազատ արձակումով, պահանջելով որ Ֆրանսա գլխաւորէ թիրախային պատժամիջոցներ կիրարկող դաշինք մը։ Նոյն ոգիով, Զաւիէ Պերթրանն ու ներկայ ընտրեալները շեշտեցին «մոռացութեան քօղ»–ի հաստատումը մերժելու իրենց կամքը՝ միաբերան վերահաստատելով խօսքի դիւանագիտութենէն գործի դիւանագիտութեան անցնելու բացարձակ հրատապութիւնը։

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն