Ռուսական տիզելային վառելանիւթին նկատմամբ պատժամիջոցներու կասեցումը Մոսկուային յաւելեալ եկամուտներ կ՚ապահովէ՝ պատերազմը շարունակելու համար։ Հիմա Ռուսիոյ վրայ ճնշումը թուլացնելու ժամանակը չէ, եւ Եւրոպան այդ քայլը պիտի չկատարէ։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավար Քայա Քալաս։
Ան յայտնած է, որ Երկուշաբթի օր ԵՄ-ի արտաքին գործոց նախարարները կը նախատեսեն հաստատել պատերազմին սկիզբէն ի վեր Ռուսիոյ դէմ կիրառուող պատժամիջոցներու ամենածաւալուն փաթեթը։
Աւելի վաղ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած էր Ռուսիոյ՝ տիզելային վառելանիւթ մատակարարելու համաձայնութեան համար։ ԱՄՆ-ի ելեւմուտի նախարարութիւնը ժամանակաւորապէս կասեցուցած էր Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։