Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած տնտեսական պատերազմը չի նպաստեր իրավիճակի կարգաւորման եւ միայն կը սաստկացնէ լարուածութիւնը՝ սպառնալով խաթարել համաշխարհային ֆինանսական կարգը։ Այս մասին յայտարարած է Ուաշինկթընի մէջ Չինաստանի դեսպանատան մամուլի քարտուղար Լիւ Չանը։
«Չինաստանը բազմիցս յստակ հասկցուցած է, որ վճռականօրէն դէմ է ապօրինի միակողմանի պատժամիջոցներուն, որոնք որեւէ կերպ ամրապնդուած չեն միջազգային իրաւունքով եւ հաստատուած չեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ»,– յայտարարած է դիւանագիտական առաքելութեան ներկայացուցիչը՝ մեկնաբանելով Իրանի հարցով ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ չինական Kameng Trading մատակարար ընկերութեան ներառումը։
«Տնտեսական պատերազմը եւ առաւելագոյն ճնշումը խնդրի լուծում չեն։ Ընդհակառակը, ատոնք միայն կը սաստկացնեն լարուածութիւնը եւ կը նպաստեն սպառնալիքներու տարածման, ինչը կը յանգեցնէ համաշխարհային տնտեսական ու ֆինանսական կարգի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու օրինական իրաւունքներու եւ շահերու խախտման»,– նշած է դեսպանատան մամուլի քարտուղարը։
Անոր խօսքով՝ առաջնահերթ խնդիրը իրավիճակի ապամագլցման նպաստելն է եւ կարելի եղածին չափ շուտ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու վերադառնալը։
«Չինաստանը պիտի ընէ անհրաժեշտ ամէն ինչ՝ իր իրաւունքներն ու շահերը վճռականօրէն պաշտպանելու համար»,– ընդգծած է դիւանագէտը։