Օրերս զազրելի ոճրագործութիւն մը ցնցած է Պէյրութի «Նահմէ» շրջանը։
Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, որ Լիբանան ապրող սուրիացի տղամարդ մը բռնաբարած, սպաննած, ապա իր 8-ամեայ զոհին մարմինը ծովը նետած է։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Լիբանանեան լրասփիւռները կը գրեն, որ ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ Լիբանանի մէջ սուրիացի անձ մը կատարած է սարսափելի արարք․ ան առեւանգած է երկու սուրիացի մանուկներ՝ 8-ամեայ Խիթամ Մոհամմատ Նուաֆը եւ 6-ամեայ Ալի Մոհամմատ Նուաֆը, որոնք կը բնակէին «Նահմէ» թաղամասին մէջ՝ Ապու Պաըքր մզկիթին մօտ։ Առեւանգումը կատարուած է գիշերուան ժամը տասին։
Աղբիւրները կը հաղորդեն, որ յանցագործը նախ բռնութիւն գործած է Խիթամի նկատմամբ, ապա սպաննած զայն ու նետած ծովը։ Ան նաեւ փորձած է սպաննել փոքր եղբայրը՝ Ալին, գլխին հարուածելով, բայց մանուկը հրաշքով փրկուած է։
Դատապարտող յայտարարութիւն եւ կոչ՝ արագ գործողութեան
Շրջանի բնակիչները դատապարտելէ ետք զազրելի դէպքը՝ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս կ՚ըսուի․ «Ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը բարդենք իրաւապահ մարմիններուն վրայ՝ տարիներու անփութութեան համար եւ կը պահանջենք անհետաձգելի ծրագիր մը՝ շրջանը վերահսկելու, վարձակալութիւնները ու բռնազաւթումները կարգաւորելու եւ դէպի շրջան տանող մուտքերուն հսկողութիւն սահմանելու համար՝ պահպանելու այն, ինչ մնացած է «Նահմէ» թաղամասի խաղաղութենէն ու ապահովութենէն»։
Իրենց կարգին Լիբանանի իրաւապահ մարմինները արդէն ձերբակալած են կասկածեալը, իսկ այսօր ծովուն մէջ գտնուած է փոքրիկ Խիթամի դիակը։ Անվտանգութեան մարմինները սկսած են քննութիւնները՝ բացայայտելու յանցագործութեան բոլոր մանրամասնութիւնները եւ իրական դրդապատճառները։