Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Փարամըսի մէջ գումարեց իր 107րդ տարեկան ժողովը՝ համախմբելով աշխարհի տարբեր շրջաններու հայ աւետարանական ներկայացուցիչները՝ ամփոփելու անցնող տարուան ծառայութիւնները եւ վերահաստատելու իր նուիրումը հայ ժողովուրդի բարօրութեան։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 107րդ Տարեկան Ժողովը գումարուեցաւ 17-18 Հոկտեմբեր 2026ին, Փարամըս, Նիւ Ճըրզիի (ԱՄՆ) Հայ Երիցական (Աւետարանական) Եկեղեցիին մէջ։ ԱՀԱԸի անձնակազմը, վարչութիւնը, անդամները եւ ներկայացուցիչները աշխարհիս հինգ Հայ Աւետ. Միութիւններէն հաւաքուեցան, լսելու համար Ընկերակցութեան զանազան ծառայութիւններու մասին։
Շաբաթ առաւօտ, Ընկերակցութեան Նախագահ Կէրի Ֆիլիփս եւ Գործադիր Տնօրէն Սերժ Պուչաքճեան ժողովը վարեցին, ներկայացնելով այն ընթացիկ եւ նոր ծրագիրները որ ի գործ կը դրուին Հայաստանի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ այլ շրջաններու մէջ, երախտապարտ ըլլալով Աստուծոյ՝ բոլորին համար։
Շաբաթ իրիկուայ յատուկ ճաշկերոյթի ընթացքին, Ընկերակցութիւնը իր գնահատանքի տուրքը մատուցեց, պատուելով երկու վաստակաշատ անհատներ որոնք Հայ Աւետ. մեծ ընտանիքին իրենց ոյժը նուիրաբերեցին, յանձինն Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի եւ Դոկտ. Նուրհան Հելվաճեանի։ Իր հովուական եւ ակադեմական գործերու կողքին, Վեր. Թութիկեան գրեթէ քառորդ դար ծառայեց որպէս Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի։ Իսկ Դոկտ. Հելվաճեան արժանացաւ Ընկերակցութեան յարգանքին իր երկար տարիներու հաւատարիմ աշխատանքին համար որպէս վարչական եւ գանձապահ ԱՀԱԸի։
Կիրակի առաւօտեան պաշտամունքը առիթ էր զԱստուած փառաբանելու, Աստուծոյ խօսքը լսելու, եւ նոր վարչական անդամները այս նուիրական գործին ընծայելու։ Օրուան պատգամաբերներն էին Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան։ Այսպիսով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր տարեկան ժողովը եզրափակեց, անգամ մը եւս նուիրուելով Հայ ժողովուրդին բարօրութեան, Տէր Յիսուս Քրիստոսի փառքին համար։
3.jpg)

1.jpg)