Օրերս Թորոնթոյի մէջ մահացած է Հայ Աւետարանական Համայնքի նուիրեալ անդամներէն, համայնքային գործիչ՝ Միհրան Ճիզմէճեան։
Տխրունիի մասին «Արեւելք» իմացաւ ԹորոնթօՀայ պարբերականի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ներկայացուցած մահագրութիւնը՝
Թորոնթոհայ մտաւորական, գրող, համայնքային գործիչ եւ «Թորոնթոհայ» ամսագիրի տարիներու բարեկամ Միհրան Ճիզմէճեանի (1936-2025) մահուան տխուր առիթով, «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրական կազմը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ճիզմէճեան ընտանիքին, համայն հարազատներուն, Թորոնթոյի հայ աւետարանական համայնքին եւ թորոնթոհայ մեծ ընտանիքին:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի...
Ճիզմէճեան ծնած ու մեծցած է Հալէպ. ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ բեղուն գործունէութիւն է ծաւալած կրթական-եկեղեցական-մշակութային բնագաւառներէն ներս: Եղած է ուսուցիչ ու տնօրէն, հրապարակագիր, դասախօս՝ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, Գանատա եւ Հայաստան: Ան հեղինակ է յօդուածներու եւ քանի մը գիրքերու:
22 հոկտեմբեր 2022-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ պատուուեցաւ AMAC-ի երկարամեայ նախագահ Միհրան Ճիզմէճեանը: Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) 103-րդ տարեկան հանդիպում-կոչունքի ընթացքին, AMAA-ի գործադիր տնօրէն (այժմ հանգուցեալ) Զաւէն Խանճեանի կողմէ:
***
Գոյժ
Խոր ցաւով եւ վշտով կը յայտնենք մահը պարոն Միհրան Ճիզմէճեանի՝ աստուածավախ եւ նուիրեալ քրիստոնեայի մը, որ վաթսունամեայ իր անխոնջ ծառայութեամբ եւ բացառիկ առաջնորդութեամբ բարենպաստ ու մնայուն ազդեցութիւն թողուց բազմաթիւ կեանքերու վրայ՝ կրթական, եկեղեցական եւ բարեսիրական ոլորտներու մէջ, Հալէպի, Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Թորոնթոյի մէջ։
1976 թուականէն ի վեր, պարոն Ճիզմէճեան անսակարկ հաւատարմութեամբ եւ նուիրումով ծառայեց Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ (AEC of Toronto)՝ կատարելով բազմաթիւ առաջնորդական եւ պատասխանատու պաշտօններ։ Ան միեւնոյն ժամանակ եղած է հիմնադիր անդամներէն մէկը Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAC), ուր նաեւ երկար տարիներ իր նուիրեալ եւ յանձնառու ծառայութեամբ վարած է ընկերակցութեան նախագահութեան պաշտօնը։
Փոխան ծաղկեպսակներու, ընտանիքը յարգանքով կը խնդրէ, որ նուիրատուութիւնները կատարուին՝ ուղղուած՝ AMAC-ին կամ Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ: