Նոյեմբեր 15-ին, ժամը 15:50-ի սահմաններուն, ողբերգական ինքնաշարժի արկած մը պատահած է Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ։
«Volkswagen» մակնիշի ինքնաշարժ մը, Աշտարակ-Երեւան մայրուղիին վրայ, Պռոշեան բնակավայրի վարչական տարածքին մէջ, տակաւին անյայտ պայմաններով դուրս եկած է երթեւեկելի գօտիէն, բախած՝ երկաթեայ արգելապատնէշներուն եւ կողաշրջուած։
Դէպքի վայրէն հաղորդած է լուսանկարիչ լրագրող Գագիկ Շամշեանը՝ նշելով, որ արկածին հետեւանքով մէկ անձ տեղւոյն վրայ մահացած է։ Դէպքի վայր ժամանած Երեւանի շտապօգնութեան խումբը անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է երկու անձի, որոնք, սակայն, մերժած են հիւանդանոց տեղափոխուիլ։
Փրկարարները, քաղաքացիներուն օգնութեամբ, կրցած են կողաշրջուած ինքնաշարժը դարձի բերել։
Մահացած անձին մարմինը յայտնաբերուած է ինքնաշարժէն շուրջ հինգ մեթր հեռաւորութեան վրայ։
Դէպքին առնչութեամբ Նայիրիի քննչական բաժանմունքին մէջ քրէական վարոյթ յարուցուած է։ Կը ճշդուին ինքնաշարժին սեփականատիրոջ, վարորդին, մահացած անձին եւ բժշկական օգնութիւն ստացած քաղաքացիներուն ինքնութիւնները։
Դէպքի վայրին մէջ հաւաքուած քաղաքացիներուն փոխանցմամբ՝ մահացածը 18-ամեայ աղջիկ մըն է։