image

Թրամփ յաղթած է Այովայի մէջ՝ ներկուսակցական ընտրութիւններուն

Թրամփ յաղթած է Այովայի մէջ՝ ներկուսակցական ընտրութիւններուն

Տանըլտ Թրամփ, 15 յունուարին, Այովա նահանգին մէջ հանրապետականներու ներկուսակցական ընտրութիւններուն հնչեղ յաղթանակ տարած է՝ հակառակ իր դէմ բազմաթիւ իրաւական խնդիրներուն, հաղորդած է Reuters-ը։

«Շնորհակալութիւն Այովա, ես ձեզ կը սիրեմ», իր հիմնադրած Truth Social ընկերային հարթակին վրայ գրած է Թրամփ։

Նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն կուսակցութեան թեկնածու դառնալու համար կը պայքարին նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Ֆլորիտոյի նահանգապետ Ռոն Տե Սանթիսը եւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Նիքի Հէյլին։

Այովայի մէջ ձայներու գրեթէ 90 տոկոսի հաշուարկով՝ Թրամփ հաւաքած է 50,9 տոկոս, Տե Սանթիսը՝ 21,4 տոկոս, իսկ Հէյլին 19 տոկոս ձայն։