Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուն երեքշաբթի բանակցութիւններ վարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ՝ Միջազգային անվտանգութեան մոսկովեան 10-րդ համաժողովի շրջածիրէն ներս, որու ընթացքին քննարկուած է ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։
«Մենք քննարկելու բան ունինք, կան աւանդական հարցեր՝ կապպուած մեր ռազմատեխնիկական, ռազմական համագործակցութեան հետ։ Եւ, ի հարկէ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջադրանքներ կատարող մեր խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան հետ կապուած հարցեր։ Մենք, ինչպէս դուք, վստահ ենք, որ հիմնական կայունացնող գործօնը հրադադարն է շփման գիծի ողջ երկայնքով», - բանակցութիւններու ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը։
Սուրէն Պապիկեանն իր հերթին նշած է, որ այսօրուայ հանդիպումն արդէն երկրորդն է տարեսկիզբէն, որ ցոյց կու տայ հայ-ռուսական երկկողմ դաշնակցային համագործակցութեան բարձր մակարդակը։
«Այս հանդիպումը շատ կարեւոր է մեզ համար: Մենք բարձր ենք գնահատում հայ-ռուսական համագործակցութեան ձեռք բերուած մակարդակը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ներկայութեան դերը Հարաւային Կովկասում»,- ըսած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը: