image

Միրզոյեան-Ռաժժի քննարկում. Օրակարգին Հայաստան-Լիբանան գործընկերութեան հարցերն են

Միրզոյեան-Ռաժժի քննարկում. Օրակարգին Հայաստան-Լիբանան գործընկերութեան հարցերն են

«Մանամայի երկխօսութեան» շրջածիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու նախարար Եուսէֆ Ռաժժիի հետ։

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութիւնը՝ նշելով, որ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած գործընկերութեան հետագայ զարգացման հարցերը։

Բարձր գնահատուած են բազմակողմ հարթակներու վրայ առկայ հարցերու շուրջ արդիւնաւէտ գործակցութիւնն ու ցուցաբերուող աջակցութիւնը։

Նախարարութենէն կը նշեն, որ անդրադարձ կատարուած է առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային գործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններուն։

Նախարարները միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ։

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստանի համերաշխութիւնը՝ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան միտուած միջազգային ջանքերուն աջակցութիւնը։