image
Հրատապ լուրեր:

Շարժա. Նշուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը

Շարժա. Նշուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը

Օրերս ԱՄԷ-ի  Շարժա քաղաքին մէջ նշուած է տեղի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։

Տօնական Սուրբ Պատարագը մատուցած  եւ օրուան յաւուր պատշաճի պատգամը փոխանցած է ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից երկիրներու Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.  Մեսրոպ արք. Սարգիսեան։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի 16 Նոյեմբեր 2025-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան տօնը: 

Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Արք․ Սարգիսեանը, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանը: 

Սրբազան հայրը օրուայ պատգամին մէջ ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ դերակատարութեան քրիստոնեայ ժողովուրդի կեանքէն ներս. խօսելով ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ դերին սփիւռքի մէջ այս պարագային մասնաւորապէս 27 տարիներ առաջ կառուցուած Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի մասին ըսաւ՝ «քրիստոնէական հաւատքի զարգացման ու պահպանութեան համար այս եկեղեցին փարոս դարձաւ մեր ժողովուրդին, Աստուծոյ խօսքը մնայուն ներկայութիւն դարձնելով մեր բարեպաշտներուն կեանքէն ներս, այլ խօսքով անցնող տարիներուն այս եկեղեցին եղաւ համայնքի տունը ուր համախմբեց մեր ժողովուրդի զաւակները հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու շուրջ: Եկեղեցին իր առաքելութեան մէջ կը յաջողի ժողովուրդի մասնակցութեամբ, ին՞չ կարժէ շքեղ ճարտարապետական կոթող մը ունենալ եթէ անոր մէջ ժողովուրդի շունչը ներկայ չէ, հետեւաբար ձեր մնայուն մասնակցութիւնը շունչ ու կեանք կու տայ եկեղեցիին եւ կ'արտացոլացնէ ձեր հաւատքի ամրապնդումը ու Աստուծոյ մնայուն ներկայութիւնը ձեր կեանքէն ներս»:

Պատարագի աւարտին Սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, անցեալի եւ ներկայի ազգային կեանքէն ներս գործող բոլոր անհատներուն, եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ ժողովուրդին որոնց հոգատարութեան տակ կը գործէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ու համալիրը 27 տարիներէ ի վեր:

Ս. Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հ.Հ. դեսպան՝ Մեծայարգոյ տիար Կարէն Գրիգորեանը: 

Պատարագի աւարտին Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կատարեց մատաղի օրհնութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին եւ հերիսայի պատրաստութեան մասնակից յանձնախումբին:

Դիւան Ազգ․ Առաջնորդարանի