image
Հրատապ լուրեր:

Արեւելեան Թեմ. Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ.Անուշաւան Արք.պատարագեց Կլենվիւի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ

Արեւելեան Թեմ. Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ.Անուշաւան Արք.պատարագեց Կլենվիւի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ

Կլենվիւի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մատուցեց Ս. Պատարագ եւ իր քարոզին մէջ շեշտեց քրիստոնէական ընտանիքի միութեան, սիրոյ ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Արարողութեան ընթացքին օրհնուեցան նաեւ եկեղեցւոյ նուիրուած 12 կանթեղները, իսկ ապա նշուեցաւ եկեղեցւոյ 83-րդ տարեդարձը։

Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը․

Կիրակի, 1 Նոյեմբերին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Կլենվիւի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ։

Սրբազան Հայրը, մէջբերելով օրուան աւետարանական խօսքը՝ «Իմ մայրս, եղբայրներս եւ քոյրերս անոնք են, որոնք կը գործադրեն իմ խօսքերս», ըսաւ, թէ Քրիստոս կը հրաւիրէ բոլորս՝ դառնալու աստուածային ընտանիքի անդամներ, ուր տիրական ոգին սէրն է։ Այդ սէրն է, որ կը միացնէ եւ կ՚ամրապնդէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ համագործակցութիւնը։

Առ այդ, Անուշաւան Սրբազան քաջալերեց հաւատացեալները, որ նոյն ոգիով առաջնորդուին իրենց անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։

Ս. Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը օրհնեց եկեղեցւոյ նուիրուած 12 կանթեղները, որոնք պիտի զարդարեն սուրբ խորանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 83-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնախմբութիւնը։