Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն X-ի իր էջին անդրադարձած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ Հայաստան կատարած այցին:
«Ուրախ եմ տեսնել, որ Ենս Սթոլթընպերկը Երեւանի մէջ կը վերահաստատէ ՆԱԹՕ-ի ու Հայաստանի միջեւ գործընկերութիւնը եւ կը ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։
Մենք պէտք է շարունակենք աշխատիլ այդ յարաբերութիւններն ամրապնդելու, Հայաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ համագործակցութիւնն ընդլայնելու եւ Կովկասի մէջ կայունութիւն ապահովելու ուղղութեամբ»,- գրած է Ֆրենք Փալոնը: