Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ, ողջունելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ վեթոյի իրաւունքի կիրառումը, յայտարարած է, որ միաբեւեռ աշխարհակարգի դարաշրջանը աւարտած է։
Այս մասին Ղալիպաֆ նշած է X-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով։
«Միաբեւեռ կարգը, որու պարագային մէկ կողմը ուժի եւ հարկադրանքի միջոցով զիջումներ կը կորզէ, աւարտած է։ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ կիրառուած վեթոները մերժեցին Անվտանգութեան խորհուրդի քաղաքական շահարկումը եւ վերահաստատեցին օրէնքի գերակայութիւնը», -նշած է ան։
Ղալիպաֆ նաեւ ընդգծած է, որ Իրանը պէտք է պաշտպանէ բազմակողմանիութիւնը, իսկ միակողմանիութիւնը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայեր։
Ռուսիա եւ Չինաստան 17 Սեպտեմբերին վեթօ դրած են Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բանաձեւին վրայ, որ ՄԱԿ-ի փորձագէտներուն լիազօրութիւն կու տար շարունակելու Իրանի դէմ 2025-ին միջուկային ծրագիրին պատճառով վերականգնուած պատժամիջոցներու վերահսկումը։
Միացեալ Նահանգները մշակած էր բանաձեւ՝ ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խումբի լիազօրութիւնները մէկ տարիով երկարաձգելու համար։ Առաջարկը մերժուած է 11 կողմ եւ 2 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ՝ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վեթոներուն պատճառով, իսկ Սոմալի եւ Փաքիստան ձեռնպահ մնացած են։