image

Պլինքըն. Ուժի կիրառումը բացառուած է

Պլինքըն. Ուժի կիրառումը բացառուած է

Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի արագ վատթարացմամբ։ Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ։

«Մենք կը նշենք, որ մարդասիրական բեռերը կը գտնուին ինչպէս Լաչինի, այնպէս ալ Աղտամի երթուղիներու մօտ, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ եւ միաժամանակ բանալ երկու միջանցքները՝ ապահովելու համար խիստ անհրաժեշտ մարդասիրական բեռերու առաքումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն։  Մենք նաեւ վճռական կոչ կ'ընենք առաջնորդներուն զերծ մնալու որեւէ գործողությունէ, որ կը մեծցնէ լարուածութիւնը կամ կը շեղէ այս նպատակէն: Վէճերը լուծելու համար ուժի կիրառումն անընդունելի է»,- ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան մէջ:

Պլինքըն նաեւ ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան մեծացման լոյսի ներքոյ «Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ վճռականօրէն աջակցիլ չլուծուած խնդիրները ուղղակի երկխօսութեան միջոցով հանգուցալուծելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու նպատակով»։  

«Մենք դարձեալ կը կրկնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան  համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Մենք նաեւ կը խրախուսենք Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի միջեւ երկխօսութիւնը։

Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ, որ առաջընթացի միակ ճանապարհը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնն է, երկխօսութիւնը եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ հիմնուած իրար ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի վրայ», -ըսուած է Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ: