image

Յառաջիկայ տարի Ուքրանիոյ ԵՄ-ին անդամութիւնը՝ բացառուած է

Յառաջիկայ տարի Ուքրանիոյ ԵՄ-ին անդամութիւնը՝ բացառուած է

Ուքրանիոյ՝ 1 յունուար 2027-ին Եւրոպական Միութեան միանալու մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ, յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը:

«Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամները, այդ շարքին՝ Ուքրանիան, որոնք կ՚ուզեն միանալ ապագային, պէտք է համապատասխանեն չափանիշերուն։ Գործընթացը սովորաբար կը տեւէ քանի մը տարի։ Եւրոմիութեան միանալը երկարատեւ գործընթաց է։ Աստիճանական համարկումը միշտ հնարաւոր է, բայց այդպիսի արագ անդամակցութիւնը պարզապէս գործնականօրէն անհնար է», - ընդգծած է Գերմանիոյ վարչապետը։

«Այժմ կան այլ առաջնահերթութիւններ՝ Ապու Տապիի մէջ ընթացող բանակցութիւնները», - նշած է Մերցը: